Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կոչին անսալով, Ապրիլ 23-ին, լիբանանահայութիւնը համախմբուած է Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը եւ վերահաստատելու իր կամքը` հաւատարիմ մնալու անոնց կտակին ու աննկուն շարունակելու պահանջատիրական երթը:
Նախքան ձեռնարկը քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ զետեղած են Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերուն կողմէ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի փառերգերուն նուագակցութեամբ:
Բանախօսութիւններէն ետք ցուցադրուած է տեսերիզ մը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատմական հոլովոյթը ներկայացնող:
Հաւաքը փակուած է «Սարդարապատ» յաղթերգով:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։