Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Միջազգային ներում» կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ նշուած է, թէ Հայաստանի ոստիկանութիւնը «անօրինական ուժ գործածած է ցուցարարներուն դէմ»

 

«Արցախահայերու արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը կը մնայ անկատար»

Իր տարեկան զեկոյցին մէջ, «Միջազգային ներում» (Amnesty International) քննադատած է Հայաստանի օրինապահ մարմինները՝ անցեալ տարի Երեւանի մէջ ընդդիմութեան ցուցարարներու դէմ «անօրինական ուժ» գործածելնուն համար։

«Ոստիկանութիւնը անօրինական ուժ գործածած է ցուցարարներու դէմ՝ մի քանի առիթներով, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու ընթացքին, որոնք կը պահանջէին վարչապետին հրաժարականը»,– նշուած է զեկոյցին մէջ, անդրադառնալով անցեալ տարուան բողոքի ցոյցերուն, որոնք ծագած էին Ազերպայճանի հետ սահմաններու յստակացումէն ետք, որուն հետեւանքով չորս հայկական գիւղեր Պաքուի հսկողութեան տակ անցած էին։

«Յունիս 12-ին, ոստիկանութիւնը եւ ցուցարարները բախումներ ունեցան մայրաքաղաքի կեդրոնը, սահմաններու յստակացման համաձայնագրին դէմ բողոքի ցոյցերու ընթացքին։ Շուրջ 100 հոգի վիրաւորուեցաւ, որոնց մէջ՝ 17 ոստիկան, եւ 98 հոգի ձերբակալուեցաւ։ Առնուազն 15 հոգի աւելի ուշ մեղադրուեցաւ խուլիկանութեան եւ հասարակական կարգի խախտման ամբաստանութեամբ։ Ո՛չ մէկ օրինապահ պաշտօնեայ մեղադրուեցաւ կամ ձերբակալուեցաւ»,– ընդգծուած է զեկոյցին մէջ։

Այդ ժամանակ հաղորդուեցաւ, թէ Հայաստանի օրինապահ մարմինները ենթադրաբար գործածած էին Զարիա-3 նռնակներ, որոնք ըստ ռուսական արտադրողին, ստեղծուած են «առժամաբար ընկճելու զինուած յանցագործներու մտային կայունութիւնը՝ լսողական եւ լուսային ազդեցութիւններով»։ Զեկոյցին մէջ նշուած է թէ 14 լրագրող եւ լրասփիւռներու աշխատակիցներ ալ վիրաւորուեցան բողոքի ցոյցերը լուսաբանելու ընթացքին։

«Միջազգային ներում»-ի զեկոյցին մէջ նաեւ ըսուած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները «դժուարութիւններ ունեցան» համարկելու աւելի քան 100.000 տեղահանուած արցախահայեր, որոնք ստիպուած եղան փախչիլ իրենց հայրենիքէն, երբ Ազերպայճան ահռելի յարձակում սկսաւ Սեպտեմբեր 2023-ին. «Բնակարանային, աշխատանքի եւ կրթութեան հարցերը յատկապէս դժուար լուծելի մնացին շատ մը գաղթականներու համար»։

Զեկոյցին մէջ նաեւ շեշտուած է, թէ արցախահայերու «ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը կը մնայ անկատար»։

«Ներկայիս Հայաստան աքսորուած արցախահայերը անցեալ ամիս ցոյցեր կազմակերպեցին, բողոքելով Հայաստանի կառավարութեան վարմունքին դէմ՝ բռնութեամբ տեղահանուած բնակչութեան նկատմամբ. անոնք մեղադրեցին Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմը իրենց նկատմամբ ատելութեան խօսքի հրահրելու յանցանքով։

Արցախահայերը նաեւ դժգոհ են կառավարութեան որոշումէն՝ կրճատելու աջակցութեան ծրագրերը, որոնք իրենց կ’ապահովէին բնակարան, աշխատանք եւ այլ անհրաժեշտութիւններ»,– ի միջի այլոց, նշած են զեկոյցին հեղինակները։