Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երեւանի մէջ նշուեցաւ Ռուբէն Սեւակի 140-ամեակը

Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին, Չորեքշաբթի Ապրիլ 30-ին, «Աւետիք Իսահակեան» գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ Ռուբէն Սեւակի 140- ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան։

Օրուան հանդիսավար Գայիանէ Սամուէլեան հանդիսութեան ընթացքին պարբերաբար ներկայացուց գրողին կենսագրական գիծերն ու արտասանեց անոր բանաստեղծութիւններէն։

Ռուբէն Սեւակի ստեղծագործական կեանքն ու գործունէութիւնը լուսաբանեցին գրականագէտներ Քնարիկ Աբրահամեան եւ Նայիրա Սարգսեան։

Օրուան գեղարուեստական բաժինը ապահովեցին «Ռուբէն Սեւակ» դպրոցի սաները ներկայացնելով թատերական դրուագներ եւ երգեր, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի «Քելէր-ցոլէր»-ը ներկայացուց երգչուհի Մարիա Խաչատրեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռուզաննա Գրիգորեանի։

Ոգեւորուած՝ օրուան մթնոլորտէն, իր սրտի խօսքը արտայայտեց եւ Պ. Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն բաժին մը արտասանեց Գիւմրիի «Կենաց ծառ»  հասարակական կազմակերպութեան նախագահ` Լուսինէ Գինոսեան։

Աւարտին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, շեշտելով որ Ռուբէն Սեւակը եւ ընդհանրապէս արեւմտահայ գրականութիւնը հայաստանեան իրականութեան մէջ տակաւին լաւ ուսումնասիրուած չեն եւ այսպիսի հանդիսութիւններ առիթ են անոնց վրայ լոյս սփռելու։

Վեհան ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ