Հանրածանօթ դաշնակահար Շահան Արծրունի Մայիս 2-ին համերգ մը տուած է Պոլսոյ Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէի դահլիճին մէջ, ի յիշատակ Գէորգ եւ Սիրվարդ Գարամանուկ ամոլին։
Երեկոյթը տեղի ունեցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին օրհնութեամբ, Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հովանաւորութեամբ եւ «Ժամանակ» օրաթերթի կազմակերպութեամբ:
Համերգի պատուոյ հիւրն էր Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Համերգի ընթացքին Շահան Արծրունի ներկայացուցած է Հայ կին յօրինողներ՝ Գայիանէ Չեպոթարեանի, Ալիսիա Թերզեանի, Գոհարիկ Ղազարոսեանի, Մարի Գույումճեանի, Լիւսի Հազարապետեանի, Սիրվարդ Գազանճեանի, Գեղուհի Չիթճեանի եւ Սիրվարդ Գարամանուկի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
Համերգի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուած են հիւրընկալ եւ հովանաւոր հաստատութեանց ներկայացուցիչներուն։
***
Նոյն օրը, Մխիթարեան վարժարանի 200-ամեակի հանդիսութեանց շարքին, Սանուց Միութեան թատերախումբը Կեդրոնական Սանուց միութեան սրահին մէջ հանդիսականներուն ներկայացուցած է «Vay başıma gelen» («Վա՜յ գլխուս եկածը») թրքերէն թատերախաղը, Գրիգոր Տինչգայըքճըի բեմադրութեամբ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։