Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԿՐՕՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Երբ Յուդաները զիրար կը հրմշտկեն Պաքուի դռներուն առջեւ

Ռուսա­կան Ուղղա­­փառ եկե­­ղեց­­ւոյ Ազեր­­պայճա­­նի թե­­մի կայ­­քը Մա­­յիս 3-ին կը յայտնէր, թէ Ռու­­սաց Կի­­րիլ Ա. պատ­­րիար­­քը Պա­­քու այ­­ցե­­­լու­­թեան առիթով, Ալիեւ ամո­­լին հետ հան­­դի­­­պու­­մէ մը ետք, նոր շքան­­շան մը յանձնած է Մեհ­­րի­­­պան Ալիեւա­­յին։

Պա­­քուի թե­­մի կայ­­քին վրայ տե­­ղադ­­րուած հա­­ղոր­­դագրու­­թիւնը կը հաս­­տա­­­տէ. 

«Կի­­րիլ Ա.ի եւ Ի. Ալիեւի հան­­դի­­­պու­­մին ներ­­կայ գտնուած է պե­­տու­­թեան ղե­­կավա­­րին կի­­նը՝ Ազեր­­պայճա­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան առա­­ջին փոխ­­նա­­­խագահ Մեհ­­րի­­­պան Ալիեւա։ Պա­­քուի եւ Ազեր­­պայճա­­նի եպիս­­կո­­­պոս Ալեք­­սիս ալ ներ­­կայ եղած է հան­­դի­­­պու­­մին։ Զրոյ­­ցի ըն­­թացքին, կող­­մե­­­րը քննար­­կած են փո­­խադարձ հե­­տաքրքրու­­թեան շարք մը հար­­ցեր։ Հան­­դի­­­պու­­մի աւար­­տին, Սրբա­­զան պատ­­րիարք Կի­­րիլ, ի գնա­­հատանք հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ աւան­­դա­­­կան ար­­ժէքնե­­րու պահ­­պանման իր ներդրու­­մին՝ Ազեր­­պայճա­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան առա­­ջին փոխ­­նա­­­խագահ, “Հեյ­­տար Ալիեւ” Հիմ­­նադրա­­մի եւ Ազեր­­պայճա­­նի մշա­­կոյ­­թի բա­­րեկամ­­նե­­­րու Հիմ­­նադրա­­մի նա­­խագահ Մեհ­­րի­­­պան Ալիեւա­­յին յանձնած է Իշ­­խա­­­նու­­հի Օլ­­կա­­­յի շքան­­շա­­­նը,– առա­­ջին աս­­տի­­­ճանի,– որ հա­­մազօր է առա­­քեալի կո­­չու­­մին»։

Անոնք որոնք մօ­­տէն կը հե­­տաքրքրուին Ալիեւ ամո­­լի «փի­­փըլ» պատ­­մութիւննե­­րով, ան­­կասկած պի­­տի յի­­շեն որ նոյն Կի­­րիլ Ա.ը ար­­դէն շնոր­­հած էր այս շքան­­շա­­­նին երկրորդ աս­­տի­­­ճանը Մեհ­­րի­­­պան Ալիեւա­­յին, 2013-ին Աստրա­­խանի մէջ։

Ի՞նչ աւելցնել այս բո­­լորին։ Ո՞րն է յա­­ջորդ քայ­­լը։

Հայ Առա­­քելա­­կան, Կա­­թողի­­կէ եւ Աւե­­տարա­­նական եկե­­ղեցի­­ներու հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րը, ըստ երե­­ւոյ­­թին, լքուած են, մնա­­ցած՝ մի­­նակ։

Ի՞նչ դա­­սեր կրնան անոնք քա­­ղել այս բո­­լորէն։

Մեր Եկե­­ղեցի­­ներու պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րը երկխօ­­սու­­թեան ինչպի­­սի՞ հե­­ռան­­կարներ կրնան ու­­նե­­­նալ Կա­­թողի­­կէ, Ուղղա­­փառ եւ Բո­­ղոքա­­կան եկե­­ղեցի­­ներու ղե­­կավար­­նե­­­րուն հետ։

Ի՞նչ ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն պէտք է որ­­դեգրեն Հայ­­կա­­­կան պե­­տու­­թիւնն ու մեր հո­­վուա­­պետերը։

Սահակ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ