Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Առաջնորդ սրբազան հայրը ընդունած է կրօնական տարբեր համայնքներէ խումբ մը երիտասարդներ

Իրաքի “Մէսարաթ” հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած “Կրօններու երկխօսութիւն” ծրագրի շրջանակին մէջ,  Ապրիլ 29-ին, Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեան իր գրասենեակին մէջ ընդունած է երկրի  կրօնական տարբեր համայնքներէն խումբ մը երիտասարդներ, որոնք օգտուելով այս առիթէն ծանօթացած են հայ  եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ ծէսերուն։

Հանդիպման աւարտին, կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Պերճ Թիւֆէնկճեան հիւր երիտասարդներուն ներկայացուցած է 1915-ին գործուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն ու ազդեցութիւններուն մասին։