Մայիս 3-ին, Գերմանահայոց թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան հովուական առաջին այցելութեամբ ժամանած է Մառլ քաղաքը։
Առաջնորդ սրբազան հայրը քաղաքի «Սուրբ Պոնիֆացիուս» կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած է պատարագ, որուն ներկայ գտնուած են բազմատասնեակ հայեր Մառլի եւ շրջակայքի բնակավայրերէն։
Պատարագէն ետք, նոյն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ընթրիքի սեղանին շուրջ, տեղի ունեցած է սրտբաց զրոյց մը, որու ընթացքին Սերովբէ սրբազան պատասխանելով ներկաներու հարցումերուն՝ խօսած է հաւատքի, եկեղեցւոյ եւ ինքնութեան մասին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։