Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հաղորդագրութիւնը՝ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ՝ Մեհրիպան Ալիեւային Սուրբ Օլկայի շքանշանի շնորհման մասին

Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին անհեթեթութիւն եւ յիմարութիւն գործած է՝ պարգեւատրելով Ազերպայճանի առաջին տիկինը՝ Սուրբ Օլկայի շքանշանով: Այս շքանշանը սովորաբար կը տրուի քրիստոնէական առաքինութիւններ ունեցող անձերուն, որոնք հասարակութեան մէջ աւանդական արժէքներու պահպանման, միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութեան խթանման գործին մէջ աւանդ ունին: Այս անմիտ քայլով Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին աղաւաղած է իր հեղինակութիւնը։ Իլհամ Ալիեւի բռնապետական իշխանութեան ներքոյ Ազերպայճան կազմակերպած է Արցախի հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու համակարգուած արշաւ: Կործանած կամ իբրեւ մզկիթ վերաօգտագործած է Շուշիի եւ այլ շրջաններու քանի մը եկեղեցիներ՝ ջնջելով դարաւոր հայկական ներկայութիւնը:

Մենք խստագոյնս կը դատապարտենք Կիրիլ պատրիարքի պարգեւատրման որոշումը, եւ վստահ ենք, որ այդ մեծ շեղում մըն է Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատմական սկզբունքներէն: Պատրիարքի այս քայլը զօրակցութեան վկայութիւն մըն է անոնց, որոնք միջազգային ասպարէզին վրայ կ’իրականացնեն մշակութային եւ կրօնական ոչնչացում եւ մենք սա կ՛որակենք ակնյայտ թշնամանք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ:

Զարհուրելին այն է, որ Ազերպայճանի բռնապետի՝ հայկական ներկայութիւնը Արցախէն ջնջելու բացայայտ գործողութիւնները այժմ անուղղակի կերպով կը գնահատուին անոր ամենամօտ քաղաքական դաշնակցէն՝ առաջին տիկին եւ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի պարգեւատրումով: Սա ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ Ազերպայճանի կողմէ Հայոց եւ քրիստոնէութեան դէմ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան շարունակական արշաւի լուռ հաւանութիւն եւ սատարում:

Յստակ է, որ Ազերպայճանի իշխանութիւնը տարածաշրջանին մէջ իր կողմէ ստեղծուած շինծու պատմութեան իբրեւ միակ թշնամի կը նկատէ Հայ Առաքելական եկեղեցին: Մշակութային ոչնչացման մեղսակից քաղաքական գործիչ մը եկեղեցական պարգեւի արժանացնելու բեմադրումը, խեղաթիւրուած խորագրերով ակադեմական գիտաժողովներու կազմակերպումը կը բացայայտեն Ալիեւի իշխանութեան նենգ հաշուարկներն ու համակարգուած արշաւը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ, որ նպատակ ունի նուազեցնելու անոր զօրութիւնը, փառքը եւ սրբազան հեղինակութիւնը, նոյնիսկ եւ յատկապէս այդ ըրած են Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ նման հաստատութեան մը ամենաբարձր մակարդակներու մէջ սպրդելով:

Մենք կը հաստատենք մեր աներկբայ պատրաստակամութիւնը՝ դիմագրաւելու բոլոր ռազմավարական յարձակումները ուղղուած մեր Սուրբ եւ Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ։ Հայ Առաքելական եկեղեցին, որ սկիզբ առած է նախքան Ազերպայճանի պետութեան ու մշակոյթի գոյութիւնը, պիտի շարունակէ իր վսեմ առաքելութիւնը՝ անսասան հաւատքով ու նուիրումով։

Մենք կը մերժենք հոգեւոր պատիւներու քաղաքական շահագործումը եւ կը դատապարտենք բոլոր փորձերը՝ ուղղուած մեր Եկեղեցւոյ փառքի, հեղինակութեան եւ յաւիտենական վկայութեան խաթարումին։

ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ

2025 Մայիս 6