Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսա Ազերպայճանի դեսպանը չէ հրաւիրած Յաղթանակի օրուան տօնակատարութիւններուն

Ազերպայճանի մէջ կրկին հակաֆրանսական ջլախտային (hystérique) մթնոլորտ կը տիրէ։

Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Մայիս 7-ին յայտնի դարձած է, որ Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանը չէ հրաւիրուած Փարիզի ազատագրման 80-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան:

Նոյն աղբիւրները կը հաղորդեն, թէ հրաւէրներ ուղարկուած են երկրին մէջ հաւատարմագրուած բոլո՛ր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, բացառութեամբ Ազերպայճանի։

*  *  *

Ուշաքով. «Ալիեւ մերժած է Փութինի՝ Մայիս 9-ի տօնակատարութեանց ներկայ գտնուելու հրաւէրը»

Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով ըսած է, թէ Պաքուէն ստացուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Ալիեւ մերժած է նախագահ Փութինի հրաւէրը եւ պիտի չմասնակցի Մայիս 9-ի տօնակատարութեանց։

Ըստ Ուշաքովի՝ Պաքու իր առաջնորդին Մոսկուա չմեկնիլը բացատրած է «Հայտար Ալիեւին նուիրուած ձեռնարկներու մասնակցութեամբ»։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատած է, թէ Մայիս 9-ին կը մասնակցի Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք տօնակատարութիւններուն։