Թուրքիոյ մէջ «İzan» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է համշէնահայ մտաւորական Հուրիյե Շահինի կազմած բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։ Բանաստեղծութիւնները յօրինուած են անհետացման վտանգի տակ գտնուող հայոց լեզուի Համշէնի բարբառով։ Լուրը կը հաղորդէ akunq.net-ը՝ հիմնուելով Հուրիյէ Շահինի Դիմագիրքի էջին հրապարակուած տեղեկութիւններու վրայ։
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ «Փեռնիք աստաղնին» («Բռնենք աստղերը») խորագրով գիրքի հրատարակման առթիւ հեղինակը կ՚ըսէ, թէ Թուրքիոյ մէջ հայոց լեզուի Համշէնի բարբառով վերջին տարիներուն տպագրուած գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու նպատակը համշէնական լեզուով գրականութեան ստեղծումն է։
Նշենք, թէ նոյն հրատարակչութիւնը այս տարի լոյս ընծայած էր նաեւ «Համշէցնակ անանուն խաղիէ» («Համշէներէն անանուն խաղիկներ») վերնագրով գիրքը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։