Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ղարիբ աղբեր, չեղնի մոռնաս»

«ԱՔՍՈ­ՐԻ ԵՐ­ԳԵՐ ԵՒ ՈՂ­ԲԵՐ» խո­րագի­րով ԱԿՆ հա­մոյ­թի արտադրած սա­լիկը՝ Արամ եւ Վեր­ժին Քե­րով­բեանի կա­տարու­մով, անսպա­սելի է իր բո­վան­դա­կու­թեամբ։ Անսպա­սելի, որով­հե­տեւ շա­տերու հա­մար հարց է՝ ի՛նչ սրտով նստիլ ու մտիկ ընել աք­սո­րի եր­գեր ու ող­բեր, երբ երկրա­գունդի վրայ այնքա՜ն հա­սարակ ու ան­հանդուրժե­լի դար­ձած են պատերազմնե­րը, աք­սորնե­րը, մարդ­կու­թեան դէմ յանցագործութիւննե­րը, ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ցե­ղային խտրա­կանու­թեան ոճիր­նե­րը … այնքա՜ն սո­վորա­կան դար­ձած են վայ­րա­գու­թեան ու բռնու­թեան տե­սարան­նե­րը։ Եւ, այ­սուհան­դերձ, Կի­րակի, Մա­յիս 4-ին Փա­րիզի Ման­տա­փա հա­մեր­գասրա­հին մէջ, սա­լիկի հրապարակման առ­թիւ՝ աք­սո­րի եր­գե­րու կեն­դա­նի կա­տարու­մը աւե­լի զգա­լի դար­ձուց անոնց կա­րեւո­րու­թիւնը։

Եւ ան­կասկած մի­ջազ­գա­յին տա­րողու­թեամբ աք­սո­րի ու ող­բա­լի դէպ­քե­րու կրկնու­թիւնը անհրա­ժեշտ կը դարձնէ՝ հե­ռատե­սիլէն, ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ տա­րածուած տե­ղեկու­թիւննե­րէն ու մեկ­նա­բանու­թիւննե­րէն ան­դին, ա՛յլ եղա­նակով ըն­կա­լել դէպ­քե­րը, ինչպէս ող­բի, պան­դուխտի եր­գի ձե­ւաչա­փով, հան­րա­յին ունկնդրու­մի պայ­մաննե­րու մէջ, ըմբռնե­լու համար մարդկա­յին հո­գեբա­նու­թեան վրայ անոնց թո­ղած խոր հետ­քը, պատ­մա­կան եղե­լու­թիւննե­րու վեր­յի­շու­մով, անոնց ծան­րութե­նէն, վիշ­տէն ձեր­բա­զատելու, հո­գեկան հանգստու­թիւն ստա­նալու, ներ­քին խա­ղաղու­թիւն վե­րագտնե­լու, խղճա­հարու­թե­նէ ազա­տուե­լու հա­մար։

Ապ­րի­լեան նա­հատակ­նե­րու ոգե­կոչու­մի շրջա­նին հա­մընկնե­լով, պե­տական, քա­ղաքա­պետա­կան ու հա­մայնքա­յին եւ ան­կախ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու բազ­մա­թիւ նա­խաձեռ­նութիւննե­րու շար­քին՝ իր ու­րոյն տե­ղն ու նշա­նակու­թիւնը ու­նէր հա­մեր­գը։ Թէեւ պաշ­տօ­նապէս չէր ներ­կա­յացուած իբր ոգե­կոչու­մի յայ­տա­գիր։

Սա­լիկին ըն­կե­րակ­ցող գրքոյ­կի պատ­մա­կան հե­տազօ­տական ակ­նար­կին մէջ Գե­ղամ Գե­ւոնեան կ՚անդ­րա­դառ­նայ ող­բի քեր­թո­ղական սե­ռին ու ժո­ղովրդա­յին աւան­դու­թեան։ Կը յի­շէ միջ­նա­դարէն մե­զի ժա­ռանգ հա­սած գե­ղարուես­տա­կան կտոր­նե­րը, ինչպէս Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի «Ողբ Եդե­սիոյ» գոր­ծը, Ար­շակ Չօպանեանի յայտնա­բերած «Ողբ երկրիս եւ իշ­խա­նաց հա­յոց» տա­ղը, 19-րդ դա­րու պանդխտու­թեան եր­գե­րը։ Աք­սո­րի եր­գերն ու ող­բե­րը բազ­մա­զան են ու կա­րեւոր մի­ջոց՝ ժո­ղովուրդի պատ­մա­կան յի­շողու­թեան պահ­պանման։ Հայ­կա­կան եր­գա­րուես­տին մէջ ու­նին իրենց յա­տուկ տե­ղը, եր­գա­ցան­կին մէջ կան եր­գեր, որոնք աւան­դա­բար միշտ եր­գուած են, ինչպէս՝ «Կռունկ»-ը, «Զար­թի՛ր լաօ»-ն… Փո­խան­ցուած են աւան­դա­բար սե­րունդէ-սե­րունդ։ Սա­կայն, թուային ար­հեստա­գիտու­թեան դա­րուն, մշա­կոյ­թա­յին ար­ժէքնե­րու փո­խան­ցումի նոր մի­ջոց­ներն ու հար­թակնե­րը կը ստի­պեն վերստանձնե­լու այս ժա­ռան­գութիւ­նը եւ զա­նոնք մա­տու­ցելու նո­րովի։

Բա­ցի տա­րածում գտած եր­գե­րէ, Քե­րով­բեան­նե­րու սա­լիկը հան­րութեան կը հրամցնէ ան­ճա­նաչ մնա­ցած, մո­ռացու­թեան մատնուած եր­գեր, որոնց յայտնա­բերումն ու հան­րութեան մատ­չե­լի ձեւով նե­րկայացումը, գե­ղարուես­տա­կանօ­րէն մա­տու­ցումը, մաս­նա­ւոր հե­տազօ­տական աշ­խա­տանք, երաժշտա­կան մաս­նա­գիտու­թիւն եւ սէր կը պա­հան­ջէ։ Կա­րեւոր ու անհրա­ժեշտ աշ­խա­տանք մը, մշա­կու­թա­յին էական ժա­ռան­գութիւն մը վե­րագտնե­լու։ Աք­սո­րի եր­գերն ու ող­բե­րը կը շա­րու­նա­կեն ու­նե­նալ խոր­քա­յին նշա­նակու­թիւն ժո­ղովուրդի մը են­թա­գիտա­կիցին մէջ։ Անոնք միայն ցա­ւի ար­տա­յայ­տութիւն չեն, այլ նաեւ ու­ժի եւ գո­յատեւ­ման վկա­յու­թիւն։ Այս եր­գե­րը եւ ող­բե­րը կը ծա­ռայեն կեն­դա­նի կապ մեր պատ­մութեան հետ, ու­ղի մը՝ յի­շելու եւ պա­տուե­լու մեր նախ­նի­ներու փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը։

Սոյն հա­մեր­գը յա­ջողու­թեամբ յի­շեցուց մե­զի այս աւան­դոյթի կա­րեւո­րու­թիւնը։ Երաժշտու­թեան մի­ջոցով կը պահ­պա­նուի եւ կը փո­խան­ցուի պատ­մութիւ­նը, յի­շողու­թիւննե­րը եւ ինքնու­թիւնը։ Յի­շել ան­ցեալի ող­բա­լի դէպ­քե­րը, աւե­լի գի­տակից ապ­րե­լու համար ներ­կան։ Եւ ինչպէս սա­լիկին մէջ ալ նշուած է, ժո­ղովրդա­յին ասա­ցուած­քին հե­տեւե­լով կը կրկնենք «Ղա­րիբ աղ­բեր, չեղ­նի մոռնաս»։

Ժ.Չ. ■