Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան ձայներու մեծամասնութեամբ վերընտրուած է IFLA-ի (Գրադարանային ընկերակցութիւններու եւ հաստատութիւններու միջազգային դաշնակցութիւն) անդամ, հինգ տարի պաշտօնավարելու պայմանաժամով:
IFLA-ն միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ներկայացնէ գրադարանային եւ տեղեկատուական ծառայութիւններու եւ զանոնք օգտագործողներուն շահերը:
IFLA-ն կը ծառայէ որպէս համակարգող՝ կանոնակարգերու, հասկացութիւններու, չափանիշերու, ուղեցոյցներու եւ յենանիշերու համար գրադարանային եւ տեղեկատուական գիտութեան ոլորտին մէջ՝ նպաստելով գրադարանային եւ տեղեկատուական ծառայութիւններու մատուցման բարելաւման:
Կառոյցը կը ներկայացնէ նաեւ գրադարանային եւ առնչուող մասնագէտներու շահերը համաշխարհային մակարդակով: Հայաստանի ազգային գրադարանը IFLA-ի անդամ է 1996 թուականէն ի վեր:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։