Մայիս 9-ին, Հայաստանի «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբը համերգ մը սարքած է Գերմանիոյ մէջ՝ «Քեմնից 2025 – Եւրոպական մշակոյթի մայրաքաղաք» նախագիծի ծիրէն ներս:
Ներկայ եղած են Քեմնիցի քաղաքապետ Ռալֆ Պուրկհարթ, Սաքսոնիոյ մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Լուքաս Ֆլէօթեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչներ:
Նախքան այդ, երգչախումբը ելոյթ ունեցած է նաեւ Լայփցիկի «Թոմաս» եկեղեցւոյ մէջ, ուր ամփոփուած է Եոհան Սեպասթիան Պախի աճիւնը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։