Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Գեղարքունիքի մարզպետը ընդունած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին

Քննարկուած են Իզէռ նահանգին եւ Գեղարքունիքի միջեւ գործակցութեան առնչուող հարցեր

Մայիս 14-ին, Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան ընդունած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին եւ Ֆրանսայէն ժամանած երիտասարդ դիւանագէտներու խումբ մը, որոնք աշխատանքային փորձառութիւն ձեռք բերելու նպատակով կը գտնուին Հայաստան։

Ողջունելով դեսպանը՝ մարզպետը ներկայացուցած է Ֆրանսայի Իզեռ նահանգին եւ Գեղարքունիքի միջեւ ծաւալած գործակցութեան շրջանակին մէջ իրականացուած եւ ընթացքի մէջ գտնուող ծրագրերը, արդիւնքներն ու ձեռքբերումները եւ յառաջիկայ ընելիքները՝ առողջապահութեան, կրթութեան, մշակոյթի, գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ։

Օլիվիէ Տըքոթինյի, բարձր գնահատելով Գեղարքունիքի եւ Իզեռի միջեւ գործակցութիւնը, յոյս յայտնած է, որ կողմերու աշխուժ ջանքերուն, նոր գաղափարներու եւ ծրագրերու շնորհիւ աւելի պիտի ընդլայնուին գործակցութեան ոլորտները, պիտի խորանան բարեկամական կապերը, պիտի աշխուժանան փոխադարձ յարաբերութիւնները։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ 2025 Յունիս 1-3 Գորիս քաղաքին մէջ կայանալիք Հայաստան-Ֆրանսա ապակեդրոնացուած գործակցութեան 5-րդ համաժողովին։

“Այն աշխուժ գործակցութիւնը, որ դուք ծաւալած էք Իզեռ նահանգին հետ, հիանալի օրինակ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միւս շրջաններուն համար, համաժողովի մասնակիցները պիտի համոզուին, թէ իրականութեան մէջ, ձեր իսկ ձեռքբերումներու օրինակով, ի՛նչ շօշափելի արդիւնքներ կրնան արձանագրել հայկական ու ֆրանսական համայնքները բարեկամական կապերու հաստատման, տնտեսական-մշակութային գործակցութեան պարագաներուն”,– նշած է Օլիվիէ Տըքոթինյի։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են  տնտեսական ու մշակութային գործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող այլ հարցեր եւս։