Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վահագն Խաչատուրեան հաստատած է, որ նախագահի թեկնածու կ՚առաջադրուի

Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատուրեան Յունուար 31-ին լրագրողներու հետ ասուլիսին հաստատած է, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը զինք առաջադրած է որպէս Հայաստանի նախագահի թեկնածու։

Խաչատուրեան նշած է, թէ իր թեկնածութեան, առաջարկը ընդունելուն և այլ մանրամասներու մասին պիտի խօսի աւելի ուշ, երբ ներկայի նախագահ Արմէն Սարգսեանի լիազօրութիւններու դադրեցման վերաբերեալ ԱԺ նախագահի որոշումը հրապարակուի։

Ան նաև թեր արտայայտուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցման, որ նախագահի, կառավարութեան և խորհրդարանական մեծամասնութեան միջև պէտք է քաղաքական ներդաշնակութիւն ըլլայ։

Նշենք, թէ Խաչատուրեան 2015-ին դէմ էր սահմանադրական փոփոխութիւններուն, եւ այժմ նոյն սահմանադրութեամբ նախատեսուած նախագահի պաշտօնին առաջադրուելէ ետք կ՚ըսէ որ «պէտք է ոչ թէ օրէնքները փոխուին, այլ՝ կառավարող մարդիկ աւելի արդիւնաւէտ աշխատին»։