Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կիլիկիա առցանց հարթակի յաջորդական նիստը

Նախագահութեամբ Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետին, Կիլիկիա վերլուծական հարթակի յաջորդական առցանց նիստը գումարուած է Յունիս 6-ին։

Ժողովը նախ ունկնդրած է Պեռնի մէջ Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանման նուիրուած համագումարի զեկուցումը։ Խօսուած է Զուիցերիոյ մէջ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի նպաստ տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին․ յատկապէս ընդգծուած է խորհրդարանական յանձնախումբի կազմութիւնը, որ երկխօսութեան կոչ կ՚ուղղէ Արցախի ու Ազերպայճանի ներկայացուցիչներուն։ Այս շրջածիրին մէջ վերահաստատուած է Արցախի պետական հաստատութիւններու գործունէութիւնը շարունակելու իրաւական նշանակութեան կարեւորութիւնը։

Ժողովի քննարկման յաջորդ օրակարգի կէտը կը վերաբերէր Վեհափառ հայրապետին Յունաստան հովուապետական-պաշտօնական այցելութեան եւ այդ առիթով Յունաստանի վարչապետին ու Պաշտպանութեան նախարարին հետ ունեցած հանդիպումներուն, որոնք առիթ ընձեռած են արծարծելու տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան հարցը։ Վարչապետը եւ նախարարը յատուկ շեշտով անդրադարձած են տարբեր ուղղութիւններով Թուրքիոյ ներկայացուցած վտանգներուն։

Ժողովականները խոր մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի մէջ բարձրաստիճան եկեղեցականներու նկատմամբ պետական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հրապարակած հարցերուն պատճառով ստեղծուած մթնոլորտին մասին։ Անընդունելի նկատուած է հարցերու այս ձեւով բարձրացումն ու արծարծումը, որոնք չեն առաջնորդեր լուծումներու, այլ կը ստեղծեն ներհասարակական լարուածութիւն։

Կիլիկիա վերլուծական հարթակը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ հրատարակուած է անցեալ տարի կազմակերպուած գիտաժողովի հաւաքածոն, որ կը վերաբերի Ազերպայճանի կողմէ գործադրուած Արցախի ցեղասպանութեան։ Մասնագիտական նիւթերը ուղեցոյց են Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր իրաւաքաղաքական աշխատանքներուն համար։