Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մանուշեան՝ բանաստեղծը

«Ալֆորվիլի երկխօսութիւններ» շարքին 2-րդը

Հայկական մշա­կոյ­թի զար­գացման ըն­կե­րակ­ցութիւ­նը՝ APCAF-ը, Ալ­ֆորվի­լի քա­ղաքա­պետա­րանին հետ գոր­ծակցութեամբ՝ կազ­մա­կեր­պեց «Ալ­ֆոր­վի­լի երկխօ­սու­թիւններ» շար­քին երկրոր­դը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հինգ­շաբ­թի, Յու­նիս 5-ին, «Մա­րիամ Արա­պեան» ման­կա­պար­տէ­զին մէջ, «Մի­սաք Մա­նու­շեան՝ բա­նաս­տեղծը» խո­րագ­րեալ դա­սախօ­սութեամբ։ Բա­նա­խօս­նե­րը հայ լե­զուի ու գրա­կանու­թեան եր­կու մաս­նա­գէտ­ներ էին. Սթե­ֆան Ճեր­մա­կեան, հայ լե­զուի ու քա­ղաքակրթու­թեան դա­սախօս եւ Էքս-Մար­սի­լիոյ հա­մալ­սա­րանի Մեր­ձա­ւորա­րեւե­լեան ու­սումնա­սիրու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մունքի տնօ­րէն, նաեւ թարգմանիչը՝ Մի­սաք Մա­նու­շեանի «Ազա­տու­թեան մեծ երա­զանքով գի­նով­ցած» բա­նաս­տեղծա­կան ժո­ղո­վա­ծուին,– լոյս տեսած՝ Փուէն հրա­տարակ­չատունէն,– եւ Ժե­րար Մալ­խա­սեան, նա­խապատ­րաստա­կան դա­սարան­նե­րու՝ փի­լիսո­փա­յու­թեան, ինչպէս նաեւ Ինալ­քօ-ի դասախօս։

Սթեֆան Ճերմակեան

Մի­սաք Մա­նու­շեանի պան­թէոնա­կանացու­մէն ետք, դի­մադ­րականը այլեւս ան­ծա­նօթ մը չէր, սակայն անյայտ կը մնար վեր­ջինիս միւս երե­սը՝ բա­նաս­տեղծը, որ քիչեր կը ճանչնա­յին։

Քա­ղաքա­կան գործիչ, բայց նաեւ մտա­ւորա­կան, Մա­նու­շեան քիչ ար­տադրեց։ Անոր ժո­ղովա­ծուն պա­րու­նա­կեց 56 բա­նաս­տեղծու­թիւն եւ քանի մը ար­ձակ գրու­թիւն,– որ ինչպէս նշուեցաւ երե­կոյթին, թարգմա­նու­թեան ընթացքի մէջ են,– բայց ան նաեւ գրա­կան ամ­սա­գիր­նե­րու խմբա­գիր էր, ինչպէս «Մշակոյթ»-ի, «Զան­գու»-ի… Սթե­ֆան Ճեր­մա­կեան ներ­կա­յացուց Մա­նու­շեանի բա­նաս­տեղծա­կան գոր­ծը, անոր երա­զանք­նե­րն ու յոյ­սե­րը, տան­ջանքն ու մե­լամաղ­ձութիւ­նը։ Բանախօսը բնու­թագրեց անոր բա­նաս­տեղծու­թիւնը՝ որ­պէս ներ­անձնական, պար­զութեամբ եւ կիրքով ներծծուած։ Անոր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րուն մի­ջոցով կը ծա­նօթա­նանք աք­սո­րեալին, օտա­րակա­նին, բնու­թեան սի­րահա­րին, գի­տելի­քի ծա­րաւին, ազա­տու­թեան սի­րահա­րին, ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րո­ղին…

Ժերար Մալխասեան

Ժերար Մալ­խա­սեան, իր կարգին, վերլուծեց Մա­նու­շեանը իր ժամա­նա­կա­շրջա­նին՝ այն գրական եւ հա­սարա­կական մի­ջավայ­րին մէջ, ուր ան ապ­րեցաւ։ Բանախօսը ներ­կա­յացուց իր ելոյ­թը եր­կու մա­սով. նախ երի­տասարդ գրող­նե­րու խումբը, Մանուշեանի պայ­քա­րի ու գրչի ըն­կերնե­րը, գրա­կան շրջա­նակը, եւ երկրորդ բաժնին մէջ ան կատարեց այս գրա­կանու­թեան որոշ կող­մե­րու ու­սումնա­սիրու­թիւնը, ինչպէս Մանուշեանի բարեկամներէն Սեմայի արտադրութեան, որ տե­սակ մը գրական ինքնա­վեր­լուծու­թիւնն է աք­սո­րեալ ար­մա­տախիլ­նե­րուն, որոնք պիտի փարէին համայնավարութեան, ինչ որ գա­ղափա­րաբա­նօրէն զիրենք պիտի մօ­տեց­նէր Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նին։ Վերջինս անոնց համար կը ներկայացնէր ինքնու­թեան ամուր հիմ մը, որ իրենց թոյլ պիտի տար պայ­քա­րիլ այն անար­դա­րու­թիւննե­րուն դէմ՝ որոնց զոհ դար­ձան։

Երե­կոյթի զրուցավար Կո­րիւն Ափրի­կեան յի­շեցուց «Ալ­ֆորվի­լի երկխօ­սու­թիւննե­ր»-ու կազ­մա­կերպման նպա­տակը, որ հան­րա­յին հան­դի­պումնե­րու շարքով՝ հայոց պատ­մութեան եւ մշա­կոյ­թին առնչուած նիւ­թե­րու ներ­կայացումն է հանրութեան, հետազօտութիւններու ու վիճար­կում­ներու մի­ջոցով։ Ծրագիրը, որուն ձեռնարկուած է Ալֆորվիլի 140-րդ տա­րե­դար­ձին առիթով, կ՚իրագործուի Քաղաքապետութեան հետ գոր­ծակ­ցա­բար եւ պիտի տարածուի երեք տարուան վրայ՝ 2025-2027։

Հուսկ, երեկոյթի կազմակերպիչ APCAF-ի կողմէ վերջերս ստեղծուած AGEFAA-ի (Ալֆորվիլի հայկական վարժարաններու յանձանձման ընկե­րակցութիւն) նախագահ Մի­շէլ Պու­տաքճի օգ­նութեան կոչ յղեց ներ­կանե­րուն, որպէսզի կարելի դառնայ «Մա­րիամ Արա­պեան» նոր ման­կա­պար­տէ­զին բա­ցու­մը եւ մա­նուկնե­րուն ըն­դունու­մը յառաջիկայ Սեպ­տեմբերին։

*  *  *

Առա­ջին դասախօսութիւնը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ Փետ­րուարին, իբր բնաբան ունէր հայկական այ­բուբե­նը։ Դասախօսեցին պատ­մա­բան, Ֆրանսայի Գրականութեան կաճառի ան­դամ Ժան-Փիէր Մա­հէ, որու ընտ­րած նիւթն էր «Մաշ­տոց՝ ձեւուած այ­բուբեն», եւ հին ձե­ռագ­րե­րու մաս­նա­գէտ, École nationale des chartes-ի մէջ Մարդկային ժառանգութեան թուայնացման բաժանմունքի վա­րիչ Շա­հան Վի­տալ-Կո­րէն՝ «Հայկական գրու­թիւննե­րու ծա­գումնա­բանու­թիւնն ու ձե­ռագրե­րու ինք­նաշ­խատ ըն­թերցումը» բնաբանով։ Երեկոյթի զրուցավարն էր գրող Մի­շէլ Մա­րեան։

Թ.Շ. ■