Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ի՛մս է Ճեմարանը

Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի 95-ամեակին առիթով

 

Գրեց՝ Անի Աստուրեան

Չորս կի­ներ էինք՝ նստած երե­ւանեան բնա­կարա­նի մը մէջ: Դուրսը՝ պայ­ծառ եր­կինքը կա­տուի մը պէս թա­թերը լա՜յն եր­կա­րած, կը տաք­նար արե­ւուն տակ: Ներ­սը՝ մենք կը տաք­նա­յինք հին յու­շե­րու ջեր­մութեամբ:

– Այն ատեն դրա­մատուն կ՚աշ­խա­տէի,– սկսաւ պատ­մել տի­կին Շա­հինեան: «Շա­բաթ օրե­րը պզտիկ­ներ կ՚այ­ցե­լէին իրենց ծնող­նե­րուն հետ, իսկ մենք շա­քար-շո­քոլա կը հրամցնէինք իրենց. իւ­րա­քան­չիւր պզտիկ իր խօ­սելու ձե­ւը ու­նէր ու ես ան­մի­ջապէս կը կռա­հէի ո՛ր դպրո­ցէն ըլ­լա­լը…եթէ շատ քա­ղաքա­վար պա­տաս­խան մը տար՝ վստա­հօրէն կա­թոլիկ վար­ժա­րանի աշա­կերտ էր. եթէ ան­կաշկանդ ու քիչ մը շա՛տ հա­մար­ձակ պա­տաս­խան մը տար՝ շատ հա­ւանա­բար…Ճե­մարա­նէն էր:

«Օր մըն ալ, երբ պզտի­կի մը շա­քար կու տա­յի, հար­ցուցի,– «դուն ո՛ր դպրո­ցը կը յա­ճախես». պա­տաս­խա­նեց,– «Ճե­մարա՛ն»: Այն ատեն ըսի. «գի­տե՞ս՝ ես քեզ­մէ շատ մեծ եմ, բայց ես ալ Ճե­մարան յա­ճախած եմ…։

Այս պզտի­կը լա­լու չսկսի՞… իրար ան­ցայ. յոր­դա­ռատ ար­ցունքնե­րը կը վա­զէին աչ­քե­րէն,– մինչ ինք, հե­կեկանքնե­րու ընդմէ­ջէն կը կրկնէր…

– Ճե­մարա­նը ի՛մս է, քուկդ չէ, Ճե­մարա­նը ի՛մս է…»

*  *  *

– Իսկ ես կը յի­շեմ,– պատ­մեց հինգ ճե­մարա­նական­նե­րու մայր տի­կին Մալ­վի­ն,– թէ ինչպէս օր մը դպրոց կան­չուեցայ Օրիորդ Ալի­սին կող­մէ, չա­րաճ­ճի զաւ­կիս՝ Ռու­բէ­նին պատ­ճա­ռով: «Տի­կի՛ն Մալ­վին»,– ըսաւ Օրիորդ Ալի­ս,– «տղադ երեք օր պի­տի կա­խակա­յեմ, որով­հե­տեւ եղունգնե­րով ամէն օր քեր­թած է պա­տու­հա­նը եզե­րող փայ­տը եւ վնաս հաս­ցուցած դպրո­ցական գոյ­քին». «Օրիո՛րդ Ալիս»,– առա­ջար­կե­ցի իրեն,– «երեք օրը շատ է. եկէք՝ մէկ օրի իջեց­նենք պա­տիժը». Օրիորդ Ալիս հա­մաձայ­նե­ցաւ. երբ դա­սարա­նին դու­ռը բա­ցինք՝ ի՞նչ տես­նենք՝ Ռու­բէնն ու իր եր­կու ըն­կերնե­րը, ականջնե­րը՝ դռան՝ մե­զ մտիկ կ՚ընէին. արագ մը ետ քա­շուե­ցան: Օրիորդ Ալիս շա՛տ բար­կա­ցած՝ «այս ձեր ըրա­ծին հա­մար երեք օր կա­խակա­յու­մէն ոչինչ պի­տի փո­խուի…»։

Տի­կին Մալ­վին հոս կե­ցաւ. պզտիկ խնդուք մը բարձրա­ցաւ կո­կոր­դէն ու շա­րու­նա­կեց…

– Մէյ մըն ալ՝ ի՞նչ լսեմ. տղաս, ընդվզած՝ կը բո­ղոքէր,– «Օրիո՛րդ Ալիս, Ճե­մարա­նը ձե­րը չէ. Ճե­մարա­նը մե՛րն է, ի՛մս է»…

*  *  *

Տի­կին Բա­տոյեան ալ պատ­մեց, թէ ինչպէ՛ս նո՛յն տի­կին Մալ­վի­նին տղոց­մէ մէ­կը, հա­ւանա­բար՝ նո՛յն չա­րաճ­ճի Ռու­բէ­նը, օր մը, դա­սարա­նը խան­գա­րելէ ետք, ի՛նք առա­ջար­կեր է ու­սուցչու­հիին. «Տի­կի՛ն Բա­տոյեան, կ՚ու­զէ՞ք դուրս ել­լեմ քիչ մը եւ հան­դարտիմ»: Տի­կինը ըն­դուներ է, յանձնա­րարե­լով, որ եր­կու-երեք վայրկեան ետք վե­րադառ­նայ դա­սարան: Վայրկեան­նե­րը ան­ցեր են, բայց…ոչ մէկ հետք տղե­կէն: Տի­կին Բա­տոյեան դա­սարա­նին դու­ռը բա­ցեր է…ոչ-ոք…

Իրար ան­ցած՝ ու­սուցչա­րան գա­ցեր է, ամէն կողմ ՝ փնտռեր, ու երբ մտա­հոգ, կրկին ուղղուեր է դա­սարա ն… դռան քո­վի կա­խիչ­նե­րու վե­րար­կու­նե­րէն մէ­կուն ետեւ ու­րուագ­ծուող պզտլիկ մար­մին մը նկա­տեր է, մինչ մոյ­կե­րու մէջ պա­հուած զոյգ մը ոտք՝ կը զգաց­նէին մար­դուկի մը ներ­կա­յու­թիւնը…

*  *  *

Այդպէ՛ս էր մեր Ճե­մարա­նը: Մեր տան շա­րու­նա­կու­թիւնն էր: Լե­ւոն Շան­թի ման­կա­վար­ժա­կան փի­լիսո­փայու­թեան վրայ հիմ­նուած ու­սուցու­մը ազատ մտա­ծողու­թիւն կը քա­ջալե­րէր, կար­ծիքնե­րը ազա­տօրէն ար­տա­յատե­լու կը մղէր աշա­կեր­տը, որ իս­կա­պէ՛ս կը հա­ւատար, որ Ճե­մարա­նը ի՛ր սե­փակա­նու­թիւնն էր, կա­խիչ­նե­րուն վե­րար­կունե­րը ի՛րն էին, ինչպէս իրն էին դա­սագիր­քե­րը, գրա­սեղան­նե­րը, պա­տու­հաննե­րու փայ­տե­րը…նաե՛ւ՝ ոգի՛ն:

*  *  *

Ի՛մս է Ճե­մարա­նը:

Երբ քա­նի մը օր առաջ ար­տա­սովոր խօ­սակ­ցութեան մը բռնուեցայ հա­յաս­տա­նահայ ու­սուցչու­հիի մը հետ, ա՛լ աւե­լի անդրա­դար­ձայ այդ իրո­ղու­թեան:

Ըստ իրեն, Հա­յաս­տա­նի մէջ արեւմտա­հայե­րէն կար­դա­ցող շատ քիչ մարդ կայ. հե­տեւա­բար, այդ լե­զուով գիր­քե­րը չեն կար­դա­ցուիր:

Ճե­մարա­նակա­նը գլուխ բարձրա­ցուց մէջս եւ հա­կադար­ձե­ցի.

– Բայց տի­կի՛ն, մենք մէ՛կ ազգ ենք եւ մէ՛կ գե­ղեցիկ լե­զու ու­նինք: Այդ լե­զուն եր­կու ճիւղ ու­նի եւ եր­կու ճիւ­ղերն ալ հա­ւասա­րապէս պէտք է կար­դա­ցուին, ճանչցուին. ամէն բան կա­խեալ է մե՛ր տես­լա­կանէն, մե՛ր որո­շու­մէն: Ինչպէ՞ս կ՚ըլ­լայ, որ Ճե­մարա­նի մէջ արե­ւելա­հայ գրող­ներ կը կար­դա­յինք ու շատ լաւ կը հասկնա­յինք…

– Որով­հե­տեւ պէտք ու­նէիք։

– Ո՛չ. պէտք չու­նէինք. ին­չո՞ւ պէտք ու­նե­նայինք: Մեր ու­սուցիչ­նե­րը գա­ղափա­րանուէր մար­դիկ եղած են եւ նոյն լե­զուին եր­կու երես­նե­րը մե­զի ծա­նօթաց­նե­լու իմաս­տութիւ­նը ու­նե­ցած են:

Տի­կինը զար­մա­ցած էր… 

Շա­րու­նա­կեցի.

– Ատոր հա­մար ալ հոս պէտք է նա­խակրթա­րանէն սկսեալ ծա­նօթաց­նել արեւմտա­հայե­րէնը, գրա­կան կտոր­ներ կար­դալ տա­լով։

– Տի­կի՛ն,– ըսաւ,– ոչ թէ արեւմտա­հայե­րէն, արե­ւելա­հայե­րէն ալ չեն կար­դար…

– Ա՛յդ ալ մտա­ծու­մի նոր դուռ կը բա­նայ. թե­րեւս այստե­ղի ու­սուցման ձե­ւը պէտք է փո­խուի. փո­խանակ էջե­րով բա­ռացանկ տա­լու եւ խրտչեց­նե­լու աշա­կերտնե­րը, պէտք է սիրցնել լե­զուն…

*  *  *

Հան­դի­պու­մէն ետք, երբ կ’անցնէի Երե­ւանի փո­ղոց­նե­րէն՝ փոր­ձե­ցի ըն­կա­լել լսածս:

– Որով­հե­տեւ պէտք ու­նէիք…

Յան­կարծ հասկցայ: Երի­տասարդ տի­կինը գա­ղափա­րախօ­սու­թեան մը զո­հերէն էր: «Սփիւռքը պէտք ու­նի Հա­յաս­տա­նին» բա­նաձե­ւը, որ Սփիւռքը կազ­մող կա­րեւո­րագոյն ու­ժե­րէն մէ­կը գոր­ծա­ծած էր տա­րիներ, հի­մա Հա­յաս­տա­նի մէջ կը կրկնուէր ու կը վե­րադար­ձուէր նոյնի՛նքն Սփիւռքին, առանց խոր­քի, առանց գի­տելի­քի… Մինչ յա­րակար­ծօ­րէն, Սփիւռքի վե­րոյի­շեալ բա­ժինէն խո­շոր բա­ժին մը այ­սօր «գրե­թէ» կը հա­ւատայ «Սփիւռք-Պե­տու­թեան» մը ու հան­դէս կու գայ «այս Հա­յաս­տա­նը իմս չէ» նոյնքան խո­տոր, նոյնքան մա­կերե­սային նա­խադա­սու­թեամբ…

Մտո­վի կը մեկ­նա­բանեմ տիկ­նոջ խօս­քը՝ «դուք պէտք ու­նէիք “մեր” հո­ղին, ջու­րին, գրա­կանու­թեան, իսկ մենք, բա­ցի ձեր նիւ­թա­կան օգ­նութե­նէն, պէտք չու­նէինք եւ պէտք չու­նինք “ձեր” ուղղագ­րութեան, գրա­կանու­թեան…»։

Ու կ’ընդվզիմ.

Պէտք ու­նէինք մեր սոր­ված մես­րո­պեան ուղղագ­րութեան առըն­թեր, ծա­նօթա­նալու աբե­ղեանա­կան ուղղագ­րութեա՞ն, աղա­ւաղուած լե­զուի՞…

Մենք բա­ւարար գրա­կան կտոր­ներ չու­նէի՞նք կար­դա­լիք արեւմտա­հայ գրող­նե­րու գրի­չէն բխած…

Ու­նէի՛նք. սա­կայն Լե­ւոն Շանթ, Նի­կոլ Աղ­բա­լեան, Սի­մոն Վրա­ցեան, Մու­շեղ Իշ­խան նո՛յն լե­զուին եր­կու ճիւ­ղե­րուն ալ տէրն էին եւ Ճե­մարա­նէն ներս առանց խտրա­կանու­թեան մեր միտ­քե­րը տպա­ւորած էին արեւմտա­հայ եւ արե­ւելա­հայ գրա­կանու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու գոր­ծե­րով:

Կը յի­շեմ ինչպի­սի սի­րով կը կար­դա­յի Վրթա­նէս Փա­փազեանի «Շա­բաթ մը ծա­ռին վրայ»-ն, կ’երե­ւակա­յէի պատ­ժուած տղան, որ ճիւ­ղին յե­նած՝ գիրք կը կար­դար. կը յի­շեմ Աւե­տիս Ահա­րոնեանի «Վազ­րի­կը», Պա­րոն Մու­շե­ղին հայ գրա­կանու­թեան դա­սագրքե­րուն ընդմէ­ջէն մե­զի հաս­նող Շիր­վանզա­դէի եւ Նար-Դո­սի գոր­ծե­րէն քա­ղուած հա­տուած­նե­րը… 

Պա­րոն Շա­հինեանի եւ պա­րոն Քիւրքճեանի դա­սապա­հերուն, մե­զի կը ներ­կա­յացուէին մէ­կը միւ­սէն հրա­շալի գոր­ծեր, զորս մին­չեւ այ­սօր կը վե­րակար­դամ. Գէորգ Ար­շա­կեանի «Սեւ եւ սպի­տակ կա­րապ­նե­րը», Ա. Քա­լան­թա­րեանի «Մա­րաթո­նը», Կա­րէն Սի­մոնեանի «Սի­ցիլիական պաշտպա­նու­թիւնը» ու դեռ շա՜տ ու­րիշներ…

Միաժա­մանակ, կը ծա­նօթա­նայինք Շա­հան Շահ­նուրին, Նի­կողոս Սա­րաֆեանին, Զա­րեհ Որ­բունիին:

Մեր ու­սուցիչ­նե­րուն ու­սուցու­մը հա­մապար­փակ էր, կ’ընդգրկէր արե­ւելա­հայե­րէնն ու արեւմտա­հայե­րէնը, աւան­դա­կանն ու ար­դիակա­նը: Անոնք կը հա­ւատա­յին, որ նո­րաբոյս հայ ան­հա­տը պէտք ու­նէր եր­կուքին, ամ­բողջա­կան կրթու­թիւն մը ստա­նալու հա­մար, ամ­բողջա­կա՛ն հայ ըլ­լա­լու հա­մար… որով­հե­տեւ իրենց մտա­ծու­մի ծի­րը ամ­բո՛ղջ ազգն էր, նոյ­նիսկ եթէ անոր ան­դամնե­րը տարտղնուած ըլ­լա­յին աշ­խարհի չորս ծա­գերուն, նոյ­նիսկ եթէ իրենց հայ­րե­նիքի մէկ մա­սը կո­րուստի մատ­նուած ըլ­լար: Իրենց մի­ջոցով, մեր զօ­րու­թե­նական (virtuel) հայ­րե­նիքին հողն ու ջու­րը մե՛նք կը գտնէինք մեր երե­ւակա­յու­թեամբ: 

Այս արար­քը թող չշփո­թուի իրա­կան եւ շօ­շափե­լի հայ­րե­նիքի գո­յու­թիւնը մեր­ժե­լու, վտան­գե­լու, կամ առաս­պե­լական երկրի մը ձգտե­լու եւ տրա­մաբա­նական ըլ­լա­լէ դադ­րե­լու հետ: Այս արար­քը գո­յու­թե­նական պայ­քա­րի շղթա­յին մէկ օղակն է. կոր­սուած եր­կիր մը, կոր­սուող լե­զու մը ընդմիշտ յի­շելու, պա­հելու ճիգն է. իսկ այդ ճի­գին պէտք է մաս­նակցին բո­լո՛րը, արեւմտա­հայն ու արե­ւելա­հայը, սփիւռքա­հայն ու հա­յաս­տա­նահա­յը: Ոչ թէ շու­կա­յական «մենք պէտք ու­նինք ձե­զի, դուք պէտք ու­նիք մե­զի» ար­տա­ռոց մտա­ծելա­կեր­պով, այլ միատեղ մտա­ծող, խե­լացի ու հե­ռատես ազ­գի մը տես­լա­կանով:

*  *  *

Երբ տուն հա­սայ եւ խո­հանո­ցին պա­տու­հա­նէն դուրս նա­յեցայ՝ տղա­քը ոտ­նագնդակ կը խա­ղային բակը, պար­տէ­զին վար­դե­րը կը ժպտէին եւ Երե­ւանի գա­րունն ու ամա­ռը յատ­կանշող ճեր­մակ թի­թեռ­նիկնե­րը ամէն կողմ կը թռչէին, սա­հուն, շնոր­հա­լի նա­զան­քով:

Յի­շեցի երե­ւանեան բնա­կարա­նի մը մէջ իրա­րու հան­դի­պած տի­կին­նե­րուն պատ­մութիւննե­րը եւ անդրա­դար­ձայ, որ դպրոցս պարզ դպրոց մը ըլ­լա­լէ աւե­լի՝ եղած է ազ­գա­յին (ոչ՝ ազ­գայնա­կան) մտա­ծելա­կերպ դարբնող իւ­րա­յատուկ վայր մը: 

Ի՛մս է այդ վայ­րը, որով­հե­տեւ հո՛ն սոր­ված եմ, որ ի՛մս են արեւմտա­հայե­րէնն ու արե­ւելա­հայե­րէնը հա­ւասա­րապէս:

Ի՛մս է Ճե­մարա­նը, որով­հե­տեւ հո՛ն սոր­վե­ցու­ցած են ին­ծի քննել հար­ցի մը բազ­մա­թիւ երես­նե­րը ու ձգտիլ ճշմար­տութեան:

Մե՛րն են Ճե­մարա­նի բո­լո՜ր հիմ­նա­դիր­ներն ու ան­դին ան­ցած դաս­տիա­րակ­նե­րը, որոնք հի­մա ճեր­մակ թի­թեռ­նե­րու տես­քով կ’իջ­նեն երկնքէն ու կը յու­շեն բո­լորիս.

«Ձե՛րն է իննսունհին­գա­մեայ Ճե­մարա­նը. տէ՛ր կանգնե­ցէք իրեն, որով­հե­տեւ ան բո­լորի՛նն է»: