Իսրայէլի Հոլոն քաղաքի բնակիչ եւ ռուսական փոքր քաղաքի մը նախկին քաղաքապետ, երկու զաւակներու հայր իսրայէլաբնակ Ռուս՝ 56-ամեայ Իան Անտրաեւ երկու ամիս է որ կը գտնուի Երեւանի բանտերէն մէկուն մէջ՝ սպասելով Ռուսաստան հաւանական յանձնումին, մինչ անոր ընտանիքը կը պնդէ, որ կատարուածը քաղաքական հաշուեյարդար է։
Իսրայէլեան Mako լրատու գործակալութիւնը որ հետաքրքրուած է Անտրաեւի պարագայով, գրած է, թէ ան կը գտնուի բանտային ծանր պայմաններու մէջ։ Mako նշած է նաեւ որ այն ժամանակաշրջանին (առանց սակայն ստոյգ թուականներ տալու) երբ Անտրաեւ քաղաքապետն էր Մոսկուայէն շուրջ 300 քմ. դէպի հիւսիս՝ Թութաեւ քաղաքին, մերժած էր Փութինի աջակցութեան կոչը, վերջինիս նախագահական ընտրապայքարին։
Ըստ Mako-ի՝ այս մերժումէն զայրացած, Փութին վրէժխնդրութեամբ լեցուած՝ Անտրաեւը պատժելու քայլերու դիմած է կեղծ, շինծու մեղադրանքներ յարուցելով անոր դէմ։ Նման պայմաններու մէջ, ապահովութեան նկատառումներով՝ ընտանիքը նախընտրած է լքել Ռուսաստանը եւ գաղթել Իսրայէլ, մինչ ենթական՝ Իան Անտրաեւ վճռած է մնալ Ռուսաստան։ 2011-ին երբ ան Իսրայէլ այցելութեան գացած է իր ընտանիքին, հոն տեղեկացած է, որ Ռուսաստան զինք կը հետախուզէ եւ կը պահանջէ իր յանձնումը։ Mako-ի համաձայն՝ Իսրայէլ մերժած է յանձնել զայն, Անտրաեւ մնացած է հոն եւ ստացած է իսրայէլեան քաղաքացիութիւն։
Երկու ամիս առաջ, մեզի անծանօթ դրդապատճառներով (քանի որ՝ ո՛չ Mako-ն եւ ոչ ալ timesofisrael.com առցանց թերթը ուրկէ կը քաղենք այս լուրը, կ՚անդրադառնան այդ կէտին) Երեւան կ՚երթայ ու հոն կը ձերբակալուի ըստ երեւոյթին Էնթէրփոլի հրահանգով։ Քարին՝ ենթակային աղջիկը Mako-ին յայտնած է, թէ չեն հասկնար ինչո՞ւ ձերբակալուած է իրենց հայրը քանի որ նախքան Երեւան ճամբորդութիւնը հարցուփորձած են թէ իսրայէլական անցագրով Հայաստան երթալը որեւէ վտանգ կը ներկայացնէ՞ եւ ստացած են գոհացուցիչ պատասխան։ Քարին նաեւ աւելցուցած է, թէ հայրը անհրաժեշտ քայլերուն դիմելով՝ իր անմեղութիւնը ապացուցած էր Էնթէրփոլին, որ անոր անունը ջնջած էր հետախուզուողներու ցանկէն։