Ազէրպայճանական ընկերային ցանցերուն մէջ յայտնուած է Հաքարի գետին վրայ կամուրջի մը շինարարութեան լուսանկարը։ Ինչպէս կը հաղորդուի, այդ կամուրջը պիտի դառնայ Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի միջանցքի այլընտրանքային ճամբուն մէկ հատուածը։
Սակայն ո՞վ է այդ ճամբան կառուցողը։ Ազէրպայճանի փորձագէտները տարբեր ձեւով կը մեկնաբանեն իրավիճակը։ Այսպէս, ազէրպայճանցի ռազմական տեսաբան Ատալէթ Վերտիև Դիմագիրքի իր էջին տեղադրած է լուսանկար մը, ուր կ՚երեւի Լաչինի շրջանի Հաքարի գետին վրայ կամուրջի մը շինարարութիւնը։ Հեղինակը կը պնդէ, որ կառուցուող ճամբան այլընտրանք պիտի ըլլայ Լաչինի միջանցքին՝ միակ ճանապարհին, որ Հայաստանը կը կապէ Արցախի հետ։ Լուսանկարի հեղինակին ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Լաչինի այլընտրանքային ճամբան կը սկսի Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր գիւղէն, կ՚անցնի Լաչինի շրջանի «Գայգի» աւանէն եւ լեռներու միջէն կը հասնի Ստեփանակերտ։ Վերտիեւ աւելցուցած է նաեւ որ՝ կամուրջը կը կառուցեն ազէրպայճանական ընկերութիւնները եւ թէ Ազէրպայճան ստանձնած է կառուցման հոգերը։ Ըստ ազէրի փորձագէտին՝ կողմերը համաձայնած էին այդ պայմանին։
Այլ կարծիք ունի Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Թոֆիք Զուլֆուքարով։ Անոր համաձայն՝ շինարարութիւնը կը կատարեն ռուս խաղաղապահները։
“Ռուսական զօրախումբը այդ շինարարութիւնը կը կատարէ, հիմնաւորելով այն պատճառաբանութեամբ, որ նոր ճամբան անհրաժեշտ է խաղաղապահ գործողութիւններու աւելի լաւ համակարգման համար։ Կամ ալ կրնայ պատճառաբանել հին կամուրջին գէշ վիճակով, որ մասնակի կերպով աւերուած է Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին”,– նշած է Զուլֆուքարով։
“Ամէն պարագայի, այդ ճամբան ալ, կամուրջն ալ, ի վերջոյ, պիտի անցնին ազէրպայճանական կողմին։ Թող կառուցեն։ Ի հարկէ, ատոնցմէ պիտի օգտուին նաեւ Ղարաբաղի Հայերը, բայց՝ Ազէրպայճանի կազմին մէջ”,– աւելցուցած է ան։
Նշենք որ՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը յատուկ կէտ մը կը բովանդակէ երեք տարուան ընթացքին Լաչինի միջանցքին այլընտրանքային ճամբայ կառուցելու վերաբերեալ: Յայտարարութեան 6-րդ կէտը կ՚ըսէ.- «Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքին նոր ճամբու կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պիտի վերատեղակայուի` այդ ճամբան պաշտպանելու համար: Ազէրպայճանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքայիններու, փոխադրութեան եւ բեռնատարերու երկու ուղղութիւններով երթեւեկի ապահովութիւնը»: