Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվին X-ի իր հաշիւին գրառումով հաղորդած է, թէ հայուհի Եանա Սիմոնեան ընդունուած է ԱՄՆ-ու հեղինակաւոր «Ուեսթ Փոյնթ» (Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանը, հիմնուած 1802-ին) զինուորական ակադեմիան։ Ան՝ «Ուեսթ Փոյնթ»-ի մէջ առաջին հայ կին ուսանողն է, որ շրջանաւարտ պիտի ըլլայ 2029-ին։
Հայուհիին՝ այս նշանաւոր հաստատութիւն ընդունուիլը կը վկայէ ԱՄՆ-ու եւ Հայաստանի միջեւ զարգացող գործակցութեան մասին։
«Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Եանային»,– կը գրէ դեսպանուհին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։