Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ կրկին անգամ կ՚ամբաստանէ Հայաստանը՝ զայն անուանելով «ռազմական յանցագործ պետութիւն»

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկին անգամ անհիմն մեղադրանքով ամբաստանած է Հայաստանը զայն անուանելով «ռազմական յանցագործ պետութիււն»:

Յունիս 25-ին, Մինկեչաուրի շրջանի ելեկտրակայանի բացման արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Ալիեւ նաեւ պնդած է, թէ «Հայաստան՝ ղարաբաղեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու ընթացքին հրետակոծած է ազերպայանական քաղաքներ, սպանած խաղաղ բնակիչներ, նպատակ ունենալով կաթուածահար ընել Ազերպայճանի ուժանիւթի ենթակառոյցները»:

“Այս տարածքին ինկած արկերն ու հեռահար հրթիռները ատոր ապացոյցն են: Սա յարձակում էր քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառոյցներու դէմ: Սա ռազմական յանցագործութիւն է: Հայաստանի ռազմական յանցագործութիւնները այսքանով չեն սահմանափակուիր”,– ընդգծած է ան: