Յունիս 27-ի առաւօտեան, ԱԱԾ-ի շուրջ 30 դիմակաւոր ծառայողներ ներխուժած են Շիրակի մարզի առաջնորդարանը, ուր խուզարկութիւններ եւ քննչական գործողութիւններ իրականացուած են։ Առաջնորդարանին դուռը փակ էր եւ դռան առջեւ ոստիկաններ կը հսկէին։
Տեղւոյն քահանաներէն մէկը «Ազատութիւն» լրասփիւռի թղթակցին յայտնած է, թէ առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան առաջնորդարանը չի գտնուիր։ Հոն ժամանած փաստաբան Թամարա Եայլոյեանին արգիլած են մուտք գործել շէնքը։
Նշենք, թէ Յունիս 26-ին, Հայաստանի ընդհանուր դատախազութիւնը տեղեկագրած էր, թէ քրէական հետապնդման նախաձեռնուած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի նկատմամբ՝ «իշխանութիւնը բռնագրաւելու, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու, ինքնիշխանութենէն հրաժարելու կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու ուղղուած հրապարակային կոչերուն համար», այլ խօսքով՝ անոր ձերբակալումը հրահանգուած է։
Շիրակի թեմի առաջնորդարանէն ետք, այս անգամ ԱԱԾ դիմակաւորները ներխուժած են Սուրբ Էջմիածնի վեհարանը, նպատակ ունենալով ձերբակալել Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը։
Իսկ մինչ այդ ոստիկանութեան զօրքերը եւ կարմիր բերետաւորները շրջափակած են վեհարանը։
ԱԱԾ-ն կոչ ըրած է Միքայէլ սրբազանին չթաքնուիլ իրաւապահ մարմիններէն եւ ներկայանալ իրեն սպասող ԱԱԾ-ի խումբին։
Առաջնորդ սրբազան հայրը քիչ ետք Գարեգին Բ. վեհափառ հօր հետ դուրս եկած է վեհարանէն, ըսելով. «Եկել են իմ յետեւից, ես կը գնամ, ես սպառնալիք չեմ այս երկրի համար, սպառնալիքը կառավարութիւնում է նստած»։ Ան Վեհափառ հօր ընկերակցութեամբ ուղղուած է իրաւապահներուն կառքը, փորձելով նստիլ կառքին մէջ, բայց հաւաքուած ժողովուրդը արգելք հանդիսացած է եւ Սրբազան հայրը Վեհափառին հետ վերադարձած է վեհարան։
Մինչ այդ գերլարուած կացութիւն տիրած է Մայր Աթոռի բակին մէջ՝ հրմշտուք՝ ժողովուրդին եւ իրաւապահներուն միջեւ։ Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ իրաւապահները հարուածած են Աջապահեան սրբազանը եւ վերջինիս ինքնազգացողութիւնը վատացած է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան լրագրողներուն յայտնած է. «Այսօր կատարւում է այն, ինչ կատարուեց 1915 թուականին, երբ Միքայէլ ծայրագոյն վարդապետ Աջապահեանին թուրքերը պարզապէս կտոր-կտոր արեցին»:
Նշենք, թէ այսօր անդադար կը ղօղանջեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանգակները։ Հոգեւորականները յայտնած են, թէ սա օգնութեան կանչ է…։
Այս լարուած վիճակի որոշ ժամանակ այսպէս տեւելէն ետք՝ ԱԱԾ-ն եւ ոստիկանութիւնը որոշած են դուրս գալ Մայր Աթոռի տարածքէն՝ «ելնելով անվտանգութեան նկատառումներից եւ կանխելով իրավիճակի հնարաւոր եւ դիտավորեալ սրումը»։
«ԱԱԾ-ն շարունակում է իրականացնել օրէնքով սահմանուած իր գործառոյթները՝ ապահովելով հանրային կարգի եւ անվտանգութեան պահպանումը։ Իրաւապահ մարմինների օրինական գործողութիւններին խոչընդոտելու դէպքերը կ՚արժանանան իրաւական գնահատականի»,– նշուած է ԱԱԾ-ի այս առթիւ կատարած յայտարարութեան մէջ։
Միւս կողմէ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն (ՔԿ) ալ հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Յունիսի 27-ին որոշում է կայացուել ազատութեան մէջ գտնուող մեղադրեալ Միքայէլ Աջապահեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու նպատակով դատարան ներկայացնելու համար ձերբակալելու մասին:
Վարոյթի ընթացքում մի խումբ անձանց կողմից խոչընդոտուել է իրաւապահ մարմինների օրինական գործունէութիւնը, ուստի այդ փաստով՝ արդարադատութեան իրականացմանը խոչընդոտելու յատկանիշերով եւս նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ»:
***
Այս զարգացումները բնականաբար իշխանական շրջանակներու շատ խիստ ու գրեթէ ներդաշնակ դատապարտական մեկնաբանութիւններուն արժանացած են, որոնց խտացումն է, ձեւով մը, Ազգային ժողովի մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանի հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Կտրիճ Ներսիսեանը (իմա՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը) Մայր Աթոռը դարձնում է քաղաքական պայքարի գործիք եւ ահաբեկչական գործողութիւնների յենակէտ՝ ընդդէմ պետութեան»:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։