Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի մշակոյթի և երիտասարդութեան պալատի մեծ դահլիճին մէջ ներկայացուած է «Ապրեցնող երկխօսութիւն» թատերգութիւնը՝ ըստ Վարդան Ամալեանի պատմուածքներուն։ Նախապէս այս գործը վայելելու առիթ ունեցած է հայաստանեան հանդիսատեսը։
Զինուոր Վարդանի զոհուելուն լուրը հասած էր 2022 Նոյեմբեր 14-ին: Վարդան Ամալեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 17-ին, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ:
Երգիչ, երգահան Դաւիթ Ամալեան իր որդին Վարդան կոչած էր ի պատիւ մարտական ընկերոջ՝ Արցախեան առաջին պատերազմի հերոս Վարդան (Դուշման) Ստեփանեանի: