Ըստ ազերպայճանական եւ թրքական լրասփիւռներու՝ բազմաթիւ աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Թուրքիա, Ազերպայճան ու Հայաստան մօտ են «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերող համաձայնագիր մը կնքելու, ինչ որ կրնայ յանգեցնել ռուսական ազդեցութեան բացառման Հարաւային Կովկասի մէջ։
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, այս զարգացումներուն ի պատասխան է, որ Մոսկուա նպատակադրուած յարձակումներ սկսած է Ռուսաստանի մէջ ազերպայճանական համայնքներուն դէմ, նաեւ Իրանի կը յենի՝ Պաքուի վրայ ճնշում բանեցնելու համար։ Ըստ այդ նոյն աղբիւրներուն՝ Քրեմլինի դժգոհութիւնը հասած է գագաթնակէտին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։