Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Սուրէն Պապիկեանի հանդիպումը Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ

Յուլիս 2-ին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին, վերջինիս հետ քննարկելով պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա գործակցութեան առնչուող հարցեր:

Կողմերը բարձր գնահատած են այս առումով արձանագրուած նուաճումները, ճշդելով նաեւ հետագայ փոխադարձ գործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները։

Անոնք միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն շուրջ։