Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նամակ՝ Տիկին Գայա Գալասին

«Եւրոպական Միութիւնը  պէտք է յստակացնէ իր դիրքորոշումը եւ հրապարակաւ դատապարտէ Ազերպայճանը»

Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղովի նախ­կին երես­փո­խան եւ Ֆրան­սա-Ար­ցախ բա­րեկա­մու­թեան շրջա­նակի նա­խագահ Ֆրան­սուա Փիւ­փո­նի, ֆրան­սա­կան քա­ղաքա­կան աս­պա­րէզի 29 այլ անձնա­ւորու­թիւննե­րու ստո­րագ­րութիւ­նը կրող նա­մակ մը յղած է Եւ­րո­պական Միու­թեան Ար­տա­քին գոր­ծոց բարձրա­գոյն ներ­կա­յացու­ցիչ Գա­յա Գա­լասին, 2025 Ապ­րիլ 25-ին Ազեր­պայճան անոր կա­տարած այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցութեամբ։

Ստո­րագ­րողնե­րը եւ­րո­պա­կան ար­ժէքնե­րուն դա­ւաճա­նու­թիւն կ՚որա­կեն այս այ­ցե­լու­թիւնը, որ կա­տա­րուած է դէ­պի եր­կիր մը, ուր կը տի­րէ «մեր մո­լորա­կի ամե­նաճնշող բռնա­կա­լու­թիւննե­րէն մէ­կը»։ Խստօ­րէն կը մե­ղադ­րուի Իլ­համ Ալիեւի վար­չա­կար­գը, անոր՝ գրաքննու­թեան, կա­մայա­կան ձեր­բա­կալու­թիւննե­րու, պե­տա­կան ցե­ղապաշ­տութեան, եւ­րո­պական հո­ղի վրայ ընդդի­մադիր­նե­րու սպա­նու­թեան, մի­ջազ­գա­յին կա­շառա­կերու­թեան եւ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հա­լածան­քի սեւ էջե­րու իւ­րա­քան­չիւրէն ման­րա­մաս­նութիւննե­րու յի­շատա­կու­մով։

Բայց եւ այնպէս, նա­մակին մէջ նշուած կեդ­րո­նական մե­ղադ­րանքը կը վե­րաբե­րի «դա­րուս առա­ջին ցե­ղային զտում»-ին՝ 2023 Սեպ­տեմբե­րին 120.000 ար­ցա­խահա­յերու բռնի տե­ղահա­նու­թեան, որ յա­ջոր­դեց մար­դա­սիրա­կան ող­բերգա­կան տագ­նա­պի մը պատ­ճառ դար­ձած շրջա­փակու­մին։ Նա­մակը կը նկա­րագ­րէ «արիւ­նարբու ահա­բեկիչ խումբե­րու» գոր­ծած վայ­րա­գու­թիւննե­րուն հետ հա­մեմա­տելի դա­ժանու­թիւննե­րը եւ կը դա­տապար­տէ հայ­կա­կան ժա­ռան­գութեան ծրագ­րեալ աւե­րումն ու ան­հե­տացու­մը։

Հե­ղինակ­նե­րը կը մե­ղադ­րեն Գա­լասը իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին պահ­պա­նած լռու­թեան հա­մար, մինչ կը շա­րու­նա­կուէին հայ­կա­կան գիւ­ղե­րու աւե­րումն ու գե­րինե­րու տան­ջանքը։ Անոնք այդ կե­ցուած­քին մէջ կը տես­նեն «կրա­ւորա­կան մեղ­սակցու­թիւն» մը, որ խո­տոր կը հա­մեմա­տի բռնա­կալա­կան վար­չա­կար­գե­րու հան­դէպ եւ­րո­պական խստա­պահանջ դիր­քո­րոշ­ման։

Նա­մակին մէջ կը նշուի, թէ այս վար­քը վտան­գի կ՚են­թարկէ ԵՄ-ի բա­րոյա­կան վստա­հելիու­թիւնը՝ անի­մաստ դարձնե­լով նաեւ Եւ­րո­պական խորհրդա­րանի բա­նաձե­ւերն ու Մարդկա­յին իրա­ւանց եւ­րո­պական ատ­եանի վճիռ­նե­րը։ Ստո­րագ­րողնե­րը նոյ­նիսկ մտա­վախու­թիւն կը յայտնեն Եւ­րո­պական Միու­թեան ամ­բողջա­կանու­թեան նկատ­մամբ, յի­շեց­նե­լով Ֆրան­սա­յի օրի­նակը, որու դէմ Ազեր­պայճան ձեռ­նարկեց շարք մը «ան­կա­յու­նացնող գոր­ծո­ղու­թիւններ»-ու։

Նա­մակը կ՚աւար­տի հան­դի­սաւոր կո­չով մը Գա­լասին՝ որ յստա­կաց­նէ իր դիր­քը եւ հրա­պարա­կաւ դա­տապար­տէ Ազեր­պայճա­նը, հաս­տա­տելով թէ ՝«Եւ­րո­պայի ու­ժը կը կա­յանայ իր սկզբունքնե­րուն հա­մընդհա­նուր բնոյ­թին (universalité) մէջ, եւ ոչ թէ այդ սկզբունքնե­րուն ըստ կամս՝ փո­փոխա­կան կի­րարկման»։

Նա­մակը ստո­րագ­րողնե­րու բո­լորն ալ ծա­նօթ անձնա­ւորու­թիւններ են։ Բայց անոնցմէ յի­շենք Ֆրան­սուա-Զա­վիէ Պե­լամին, Վա­լերի Պուայէն, Ժիլ­պեր-Լիւք Տը­վինան, Եանիք Ժա­տօն, Փաթ­րիք Քա­ները, Ռի­շար Մա­լիէն, Մառ­լէն Մու­ռիէն, Փիէր Ու­զուլիասը, Իզա­պէլ Սան­թիակօն…

Աւելցնենք, որ շրջա­բերա­կան կար­գով լայ­նօ­րէն տա­րածուած այս նա­մակը լոյս տե­սաւ նաեւ «Մա­րիանն» շա­բաթա­թեր­թին մէջ։ ■