ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած Անիի հնագիտական վայրը գտնուող Անիի Մայր տաճարը կը վերանորոգուի։
Թուրքիոյ «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ վերանորոգումէն յետոյ Անիի Մայր տաճարը պիտի գործէ իբրեւ մզկիթ։
Բացարձակապէս չի նշուիր, որ միջնադարեան այդ քաղաքն ու եկեղեցին հայկական են։ Տաճարը կը ներկայացուի իբրեւ Ֆեթհիէ մզկիթ։ Պարզապէս կ՚ըսուի, թէ տաճարի ճարտարապետը Տրդատն է։
«Մենք Տրդատը կը ճանչնանք նաեւ իբրեւ Պոլսոյ Այա Սոֆիա մզկիթի գմբէթը վերանորոգած ճարտարապետ։ Տրդատ Անիէն հրաւիրուած է Պոլիս, վերանորոգած է Այա Սոֆիայի գմբէթը, ապա վերադարձած Անի եւ աւարտին հասցուցած այս կառոյցը»,– կ’ըսէ Անիի հնագիտական վայրի պեղումներու ղեկավար Մուհամմետ Արսլան։
Վերջինս նաեւ կը յայտնէ, թէ Անիի Մայր տաճարի վերանորոգումը կ՚ընթանայ 3 փուլով՝ Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ու Համաշխարհային յուշարձաններու հիմնադրամի համագործակցութեամբ։ Այս տարի կը նախատեսուի աւարտել 2-րդ փուլի աշխատանքները։
Նշենք, թէ շուրջ 100 հեկտարի վրայ տարածուող Անիի աւերակներու հնագիտական վայրին մէջ կը գտնուին նաեւ Ամենափրկիչ եկեղեցին, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին եւ Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցին։ Անիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կամ Մայր տաճարը կառուցուած է 10-րդ դարուն։ Շինարարութիւնը սկսած է հայոց թագաւոր Սմբատ 2-րդ Բագրատունի 989 թուականին, իսկ աւարտած է հայոց Կատրամիտէ թագուհին 1001 թուականին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։