Յուլիս 4-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ գրաւեալ եւ հայաթափուած Ստեփանակերտի մէջ ընթացող Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին ունեցած իր ելոյթին կրկին արդարացուցած է Արցախի դէմ իրականացուած ռազմական յարձակումն ու ցեղային զտումը։
“Մենք բազմիցս յայտնեցինք Հայաստանին եւ անոր թիկունք կանգնող պետութիւններուն, որ եթէ Հայաստան կամաւոր չլքէ մեր բռնագրաւուած տարածքները, մենք կը վերականգնենք մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը ռազմական միջոցներով։ Ցաւօք, Հայաստան եւ անոր հովանաւորները լուրջ չընդունեցին մեր նախազգուշացումը եւ վերջն ալ զղջացին ատոր համար”,– ըսած է Ալիեւ։
Ան շարունակած է տարածքային պահանջներ ներկայացնել Հայաստանին՝ խօսելով «արեւմտեան ազերպայճանցիներու» կեղծ պատումին մասին։ Յիշեցնենք, որ Պաքու «Արեւմտեան Ազերպայճան» կը համարէ Հայաստանի տարածքը։
“Մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ Հայաստանէն արտաքսուած «արեւմտեան ազերպայճանցիներու» իրաւունքներուն ապահովումը։ Մենք բարձր կը գնահատենք անցեալ ամիս Պոլսոյ մէջ կայացած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախարարներու խորհուրդին մէջ ընդգրկուած բոլոր 57 անդամ պետութիւններուն կողմէ բանաձեւի ընդունումը, որով աջակցութիւն կը յայտնուի Հայաստանէն բռնի կերպով արտաքսուած ազերպայճանցիներու վերադարձի իրաւունքին”,– յայտարարած է Պաքուի բռնապետը։
Ան նաեւ պնդած է, թէ Հայաստան, իբրեւ թէ, Ազերպայճանին 150 միլիառ տոլար վնաս հասցուցած է։
“Տարածքներու գրաւման տարիներուն Հայաստան Ազերպայճանին 150 միլիառ տոլարի վնաս հասցուցած է։ Այդ ընթացքին Հայաստան ոչնչացուցած է մեր քաղաքներն ու գիւղերը, մշակութային եւ կրօնական յուշարձանները։ 67 մզկիթներէն 65-ը ոչնչացուած են Հայաստանի կողմէ”,– ըսած է ան։
Յիշեցնենք, թէ Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր՝ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախարարական վերջին համաժողովի շրջանակին մէջ ընդունուած «Պոլսոյ հռչակագրին» եւ Ազերպայճանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւերուն մէջ տեղ գտած խեղաթիւրուած եւ ծայրայեղ միակողմանի ձեւակերպումներու մասին։ ԱԳ նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ, այսպէս կոչուած՝ «Արեւմտեան Ազերպայճան»։
Աւելցնենք, թէ Ստեփանակերտի մէջ ընթացող սոյն վեհաժողովին կը մասնակցին, ի միջի այլոց, Իրանի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։