Սահակ Բ. պատրիարք հայրը Յուլիս 3-ին, պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ ասուլիս մը ունեցած է։ Ասուլիսին մասնակցած են «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» օրաթերթերու, «Ակօս» շաբաթաթերթի, «Փարոս» ամսագրի եւ «Լոյս» հեռատեսիլի ընկերութեան ներկայացուցիչները։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսին Պատրիարք հայրը յայտարարություններ ըրած է տարբեր հարցերու մասին, ինչպէս՝ վերջին օրերու զարգացումները, ԱՄՆ այցը, գաղութի դպրոցներու կարգավիճակը եւ հայ լեզուի տեղը համայնքի առօրեայ կեանքին մէջ։
Ան պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն։
Ստորեւ կու տանք կարգ մը մանրամասնութիւններ.
Ասուլիսին յատկապէս արծարծուած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Թուրքիա այցի ընթացքին հայ համայնքին հետ հանդիպման, պատրիարքարանին փակ ըլլալուն եւ այդ առնչութեամբ յառաջացած հարցերը։
Պատրիարքարանին փակ ըլլալուն անդրադառնալով Մաշալեան արք. ըսած է, թէ այդ հարցին մէջ Հայաստան թոյլ տուած է արարողակարգային սխալ, քանի որ կանխաւ գրաւոր դիմում չէ ներկայացուած՝ վարչապետին պատրիարքարան այցելելու մասին։
Պատրիարքը յատկապէս նշած է․ “Վարչապետ Փաշինեանի Պոլիս այցին հետ կապուած խառնաշփոթ կացութիւն մը յառաջացած է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնարկութիւն է, բայց Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանը նոյնպէս հիմնարկութիւն է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի 35 տարուան պատմութիւն, իսկ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանը՝ աւելի քան 500 տարուան”։
Պատրիարքը ըսած է, թէ նախապէս պատրիարքարանին մէջ հիւրընկալած են Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը։ Բայց այս վերջին այցին համար որեւէ պաշտօնական գրութիւն չեն ստացած։ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (ՍԾՏՀԿ) Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան ըսած է, թէ վարչապետը Պոլիս պիտի գայ, բայց պատրիարքարան պիտի չայցելէ, այլ՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին պատրիարքական եկեղեցի։
Սահակ պատրիարք շեշտած է, թէ Պոլսոյ պատրիարքարանը արարողակարգային սխալ չէ գործած, սխալը եղած է Հայաստանի կողմէ։
Անդրադառնալով Փաշինեանի Գումգափու՝ պատրիարքական եկեղեցի այցի ընթացքին հոգեւորականներու բացակայութեան՝ Պատրիարք հայրը այդ ներկայացուցած է որպէս «գիտակցուած դիրքորոշում»։
“Պարոն Փաշինեանի Գումգափու այցի ընթացքին ոեւէ հոգեւորականի ներկայ չըլլալը գիտակցուած դիրքորոշում էր։ Պատճառը՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հասցէին վարչապետին գործածած վիրաւորական, յարձակողական լեզուն է”,– ընդգծած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքը։
Ան նշած է, թէ Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետական այլ աթոռներ եւս արձագանգած են։ Յատկապէս Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. նշած է, որ Էջմիածնի կողքին է, Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան Մանուկեանն ալ նոյնը ըսած է։ “Ինծի հետ ծառայող հոգեւոր եղբայրներս ալ չփափաքեցան հոն նոյն վայրը գտնուիլ վարչապետին հետ։ Պատրիարքարանի հիմնական մուտքի դուռը բաց եղած է եւ վարչապետը Կոմիտասի յուշարձանին ծաղիկ զետեղած է։ Ոմանց կողմէ պատրիարքարանին և հոգևորականներուն ուղղուած քննադատութիւններու պատճառն այն է, որ մարդիկ չեն հետեւիր ընթացիկ զարգացումներու շուրջ նիւթերուն։
Սա քաղաքական բանավէճ է եւ քաղաքական բախում։ Մենք չենք ուզեր որ այսպիսի բաներ կատարուին Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան դէմ, մենք չենք ուզեր, որ քաղաքական պատճառներով Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտեն, մենք չենք ուզեր, որ հարցերը լուծուին վիրաւորական լեզուով։ Եւ մենք բացայայտօրէն ցոյց տուինք մեր ամէնէն բնական կեցուածքը”,– շեշտած է Պատրիարք հայրը։
Ասուլիսի ընթացքին Մաշալեան պատրիարքին յիշեցուցած են, թէ Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ալ ունի քաղաքական դիրքորոշում եւ հանդէս կու գայ վարչապետին ընդդիմադիր ուժերու կողքին։ Ի պատասխան Պատրիարքը յայտնած է, թէ Փաշինեան կը փորձէ միջամտել Եկեղեցւոյ գործերուն, կը ձգտի իրեն համահունչ կաթողիկոս ունենալ, որպէսզի երբ ուզէ կարենայ կաթողիկոս փոխել։
“Շատոնց նախատեսուած այցելութեամբ ԱՄՆ կը գտնուէի։ Եթէ Պոլիս ըլլայի՝ կ՚ընդունէի զայն եւ առերես կը յայտնէի իմ առարկութիւնները։ Բայց հոս չէի, իսկ այս գործը կարելի չէր ուրիշի մը յանձնարարել։ Մենք լուռ բողոք արտայայտեցինք եւ պարոն Փաշինեան ալ հասկցաւ այդ”,– նշած է Մաշալեան պատրիարք։
Ան աւելցուցած է, թէ Հայաստանի ապագային վերաբերեալ որեւէ տեսակէտ չունի, ընդգծելով հետեւեալը․ “Թուրքիոյ հայերը կը փափաքին, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները կարգաւորուին։ Փաշինեան սխալ քաղաքականութիւն չի վարեր. մենք կ՚աջակցինք, բայց չենք կրնար անտեսել անոր քաղաքական դիրքորոշումը մեր Եկեղեցւոյ նկատմամբ”։
“Հայ եկեղեցին միայն Հայաստանի եկեղեցին չէ։ Այսօր իշխանութիւնները կ՚ուզեն կաթողիկոսը փոխել, բայց մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որովհետեւ եթէ անգամ մը այդ ճամբան բացուի, յետոյ ատոր մէջէն կարելի չէ ելլել։
Շատ դժուար է տարանջատել Ամենայն հայոց հայրապետի անձն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։
Նիկոլ Փաշինեան եօթը տարի է իշխանութեան գլուխը կը գտնուի։ Վեհափառին հետ լուսանկարուած է, տեսագրուած՝ բազմաթիւ մտերմիկ դրուագներով։ Մինչեւ այսօր ան տեղեակ չէ՞ր Կաթողիկոսին մասին իր այսօրուան պնդումներուն։ Մարդիկ չեն հաւատար, որովհետեւ կը հասկնան, որ կառավարութիւնը հետամուտ չէ բարոյականութեան, այլ նախընտրական հաշիւներու մէջ է”,– յայտարարած է Սահակ արք.։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։