Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան յայտարարութիւնը` Հայաստանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ

Հայ ազգը խոր տագնապի պահու մը մէջ կը գտնուի: Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները ցնցումի ալիքներ կը յառաջացնեն Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի լայն տարածքին: Ինչպէս մեր ազգիպատմութեան բախտորոշ բոլոր հանգրուաններուն, ՀԲԸՄը իր ձայնը կը բարձրացնէ` կոչ ուղղելով զսպուածութեան եւ ազգային միասնականութեան:

Մինչ դէպքերը կը զարգանան, կարեւոր է վերահաստատել, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդավարական գործընթացը պէտք է յարգուին այնպէս, ինչպէսհամաշխարհային հետեւորդներ ունեցող մեր ազգային եկեղեցիին յստակ վարչակարգը, օրէնքները եւ կանոնագրութիւնը:

Կառավարութեան առաջնային իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները Հայաստանի մէջ կը վերաբերին կառավարչական քաղաքականութեան պահպանումին եւ օրէնքներու գործադրումին, ժողովրդավարական գործընթացի եւ ազատ խօսքի անհատի իրաւունքներու սահմաններուն մէջ: Միաժամանակ եկեղեցւոյ իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները կը վերաբերին արեւելքէնարեւմուտք` համաշխարհային հայ ազգին նկատմամբ իր հոգեւոր հեղինակութեան եւ առաջնորդութեան, ներառեալ` Հայաստանը:

Սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ «Խղճի ազատութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւններու» օրէնքը յստակօրէն կը սահմանագծեն պետութեան եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դերերը եւպատասխանատուութիւնները: Կառուցողական քննադատութիւնը կամ տարակածութիւնը որեւէ կառոյցի կամ ղեկավարութեան նկատմամբ ընդունելի եւ տրամաբանական է, սակայն ոչսահմանադրական քանդիչ միջամտութիւնը եւ խօսոյթը մերժելի են:

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ներկայ կառավարութիւնը կը գործէ ապահովելու համար Հայաստանի խաղաղութիւնը եւ բարօրութիւնը, Հայ առաքելական եկեղեցին հիմնասիւնն է երկրագունդի տարածքինհայութեան հաւատքին եւ ազգային ինքնութեան: Աւելի քան 1700 տարիներ մեր ազգային եկեղեցին մեր ազգին համար առաջնորդող ուժ եղած է` դիմագրաւելու, տոկալու եւ անխախտ մնալուկայսրութիւններու, թագաւորութիւններու, բռնատիրական իրաւակարգերու, նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան միջոցով ծրագրուած կերպով մեր ազգը բնաջնջելու փորձերուն դէմ յանդիման:

Մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերուն` ինքնազուսպ ըլլալու, մերժելու պառակտողական տրամադրութիւնները եւ վերադառնալու երկխօսութեան, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ ազգայինհասարակաց շահի գիտակցութեան վրայ: Պէտք է յառաջ ընթանանք միասնաբար, որովհետեւ միութիւնը զօրութիւն է, եւ միայն միասնական ոգիով է, որ կրնանք դիմագրաւել մեր դէմ ցցուածմարտահրաւէրները:

ՀԲԸՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

2025 Յունիս 29

Նիւ Եորք