Եբրայերէն գրութիւնը կ’ըսէ․ «Էլիա Քահվէճեան հրապարակ. Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած, լուսանկարիչ, Երուսաղէմի սիրահար»
Երուսաղէմի քաղաքապետութիւնը հրապարակ մը անուանակոչած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած, լուսանկարիչ Էլիա Քահվէճեանի անունով։
Ուրֆա ծնած հայ ընտանիքի մը ծոցին մէջ, Էլիա տակաւին հինգ տարեկան էր 1915-ին, երբ ականատես եղաւ Ուրֆայի հայ բնակիչներուն ապստամբութեան՝ ընդդէմ թրքական բանակին, որ ծայր առած էր Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ ժողովուրդը թիրախաւորող կոտորածներու մասին տեղեկագրութենէն։
Երբ ապստամբութիւնը ճնշուեցաւ, փոքրիկ Էլիայի հայրը եւ եղբայրներէն մէկը սպանուեցան, իսկ մնացեալ հայ բնակչութիւնը՝ ներառեալ կիները, երեխաները եւ ծերերը՝ հարկադրուեցան մահուան երթով քալելու դէպի սուրիական Տէր Զօր անապատը, որ ծանօթ է որպէս «Հայոց ցեղասպանութեան Աուշվիցը»։
Մեռնելէն առաջ, մայրը զինք փրկեց՝ վստահելով քիւրտ օտարականի մը, որ ի վերջոյ զայն վաճառեց դարբինի մը՝ երկու ոսկի դահեկանով։ Այնուհետեւ Էլիա յայտնուեցաւ փողոցները, ուր ուտելիք եւ ապաստան կ՚աղաչէր, մինչեւ որ 10 տարեկանին յայտնաբերուեցաւ, 10.000 այլ երեխաներու հետ միասին, Մերձաւոր Արեւելքի մարդասիրական օգնութեան կազմակերպութեան մը կողմէ եւ ուղարկուեցաւ որբանոցներ Հալէպ, Նազարէթ եւ հուսկ՝ Երուսաղէմ, ուր պիտի սկսէր նոր կեանք մը, եւ ամբողջ կեանքի ճանապարհորդութիւն մը լուսանկարչութեան մէջ՝ ողողուած յաջողութիւններով ու միջազգային ճանաչումով։
Էլիայի ընտանիքէն աւելի քան 100 անդամ՝ եղբայրներ ու քոյրեր, մօրեղբայրներ, հօրեղբայրներ, զարմիկներ ու ծնողներ՝ զոհուեցան 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, երբ 1,5 միլիոն հայերու կեանքը խլուեցաւ օսմանեան կայսրութեան դահիճներու ձեռամբ։
Այսօր, անոր ժառանգութիւնը պահպանուած է թոռան՝ Էլի Քահվէճեանի կողմէ, «Էլիա Ֆոթօ Սըրվիս» լուսանկարչական պատկերասրահին մէջ, որ կը գտնուի Երուսաղէմի հին քաղաքը։
Մինչդեռ, հակառակ երկար սպասուած յարգանքի տուրքին, Իսրայէլ տակաւին կը մերժէ պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Քաղուած 301-ի թղթակից Գեղամ Պալեանի անգլերէն հաղորդագրութենէն
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։