Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արաբերէն լեզուով լոյս տեսած է «Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գծով» հատորը

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսած է «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի 20-րդ հատորը՝ «Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գծով» խորագրով։

Հատորի հեղինակն է Թաուասիֆ Ալ-Մուքպըլ։ Այս աշխատութիւնը հեղինակը իբրեւ մագիստրոսականի աւարտաճառ ներկայացուցած ու պաշտպանած է 2023-ին՝ Սաուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի Իմամ Մոհամմատ Ըպըն Սուուտ իսլամական համալսարանի ընկերաբանութեան կաճառի պատմագիտութեան ու քաղաքակրթութեան բաժանմունքին մէջ:

Ուսումնասիրութեան ճամբով, Ալ-Մուքպըլ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական դերակատար Օսմանեան կայսրութիւնը, վերջինիս վարած պատմական քաղաքականութիւնը հայերու նկատմամբ, եւրոպական պետութիւններու կեցուածքը եւ Հայոց ցեղասպանութեան գծով Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքական ու ռազմական կեցուածքին դրդապատճառները։

Հատորը կարելի է ձեռք ձգել այցելելով www.ciliciabookstore.com ։