Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Անիի Մայր տաճարը մզկիթի վերածելու նիւթին շուրջ հարցապնդուած է Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը

Թուրքիոյ ընդդիմութեան քրտամէտ «Ժողովուրդներու հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան (DEM) ասորի երեսփոխան Ճորճ Արսլան հարցումներ ուղարկած է Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին։

Հարցումները կը վերաբերին Անիի Մայր տաճարին, թէ արդեօք վերանորոգումէն ետք վերջինս այցելուներու առջեւ պիտի բացուի որպէս մզկի՞թ։ Երեսփոխանին հարցումներուն բնագրին մէջ Անին բնորոշուած է որպէս հայերու պատմական նշանաւոր կեդրոն։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ այժմ կը վերանորոգուի մզկիթի վերածուած Անիի Մայր տաճարը։ «Վերանորոգումէն ետք մզկիթը պիտի վերաբացուի»,– յայտարարուած էր։

Արսլան նշած է, թէ Անիի Մայր տաճարին պէս Թուրքիոյ մէջ հարիւրաւոր պատմական եկեղեցիներ եւ վանքեր անտէրութեան մատնուած են եւ ոչնչացման վտանգի տակ կը գտնուին։ Իսկ անոնցմէ մէկ մասն ալ մզկիթներու վերածուած է։

Երեսփոխանը շեշտած է Անիի Մայր տաճարի կարեւորութիւնը՝ որպէս համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան կարեւոր մասնիկը։

Ստորեւ՝ նախարարութեան ուղղուած հարցումները.

1․ Արդեօք ճի՞շդ են ա՛յն պնդումները, որ Անիի Մայր տաճարը վերանորոգումէն ետք պիտի բացուի որպէս մզկիթ։ 

2․ Արդեօք նշեալ պատմական կառոյցի կրօնական ինքնութեան փոփոխութիւնը եւ մզկիթի վերածման որոշումը չի՞ հակասեր Թուրքիոյ բազմակրօն եւ բազմամշակոյթ էութեան։ 

3․ Արդեօք պիտի վերանայուի Անիի Մայր տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը՝ հաշուի առնելով կառոյցի կրօնական եւ յատուկ ինքնութիւնը։ 

4․ Որո՞նք են մզկիթի վերածուած այն վանքերն ու եկեղեցիները ձեր՝ նախարար ըլլալու ժամանակաշրջանին։ Վերջին 20 տարիներուն քանի՞ վանք ու եկեղեցի մզկիթի վերածուած է։

Երեսփոխանը նոյն հարցումները ուղղած է նաեւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին։