Ստեփանակերտի շրջակայ անտառապատ տարածքներուն մէջ 12-րդ դարու խաչքարեր յայտնաբերուած են։ Սոյն տեղեկութիւնը հրապարակուած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան» Դիմագիրքի էջին վրայ։
Նշուած է, թէ խաչքարերը յայտնաբերած ու պատկան մարմիններուն տեղեկացուցած է Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչ Դաւիթ Յարութիւնեան։
«Օրերս մեզ է դիմել Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչ Դաւիթ Յարութիւնեանը և ասել, որ Ստեփանակերտի շրջակայ անտառներում մեծ խաչքարեր է տեսել։ Որոշեցինք Դաւիթի հետ այցելել եւ պարզուեց, որ 12-րդ դարի այս խաչքարերը չեն գրանցուել»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է հնագոյն խաչքերերը յայտնաբերած Արցախցիին։