Երեւանի Խամաճիկներու պետական թատրոնը մասնակցած է Ս. Փեթերսպուրկի «Koukart – XVII» փառատօնին եւ պարգեւատրուած «Ոսկեայ» վկայագրով։
Թատերախումբը ներկայացուցած է «Կարապի լիճը»՝ Սամսոն Մովսիսեանի բեմադրութեամբ, արժանանալով թէ՛ հանդիսատեսի եւ թէ՛ խամաճիկային արուեստի մասնագէտներու գնահատանքին։
«Կարապի լիճ»-ը երիտասարդ արքայազնի եւ կարապ Օտեթի սիրոյ պատմութիւնն է եւ հակառակ անոր որ նախատեսուած է հասուն տարիքի հանդիսատեսի համար, սակայն Խամաճիկներու թատրոնի պարզ եւ հասանելի բեմադրութեան շնորհիւ լաւ ընդունելութեան արժանացած է նաեւ երեխաներու կողմէ:
Ի տես ներկայացումին նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ հետաքրքրութեան՝ թատերախումբը հրաւէրներ ստացած է ելոյթներ ունենալու Մոսկուայի, Եկատերինպուրկի եւ Կրասնոտարի մէջ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։