Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Գարեգին Նժդեհի կիսանդրիի բացում Զալքայի ակումբին մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, Յուլիս 4-ին  Զալքայի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցած է  Գարեգին Նժդեհի կիսանդրիի բացումը:

Ձեռնարկը սկսած է Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի փառերգերով:

Բացման խօսքը արտասանած է Սեւան Ադամեան եւ նշած, թէ նման նախաձեռնութիւն մը ոչ միայն կը միտի փառաբանել պանծալի հայորդի ու մեծ ֆետայի Գարեգին Նժդեհը, այլ նաեւ առիթ է նոր սերունդներուն մէջ վառ պահել անոր ազգասիրութեան եւ հայրենիքի համար զոհողութեան ոգին:

Ապա հրաւիրուած են բարերար Յակոբ Լօշխաճեան եւ շրջանի կոմիտէութեան կրտսերագոյն ընկերը` Նժդեհ Մենկիշեանը, որպէսզի կիսանդրին քօղազերծեն:

Գեղարուեստական բաժինով Նայիրի Ղազարեան եւ Արմէն Մխճեան թաւջութակով ներկայացուցած են «Հապրպան» (մշակում` Ալեքսանտր Ջաւուշի) եւ «German minutes» կտորները, իսկ  Հայկ Քէշիշեան (շուի) եւ Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ) մեկնաբանած են «Արազի ափին» եւ «Գիշեր ու ցերեկ դու էլ քուն չունես» մեղեդիները:

Օրուան պատգամը յղած է «Ազդակ»-ի խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ կարեւոր նկատած է ներկայ պայմաններուն մէջ Գարեգին Նժդեհի կենսագործունէութեան առանցքային բաժիններու արժեւորումն ու խորքային մեկնաբանութիւնը` իբրեւ մեր ազգային-պետական ուղեգիծի վերաիմաստաւորման հիմնական ազդակ…։