Յուլիս 10-ի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, ոստիկանութիւնը լայնածաւալ խուզարկութիւններու ձեռնարկած է ՀՅԴ անդամներուն բնակարանները, ներառեալ՝ Ազգային ժողովի երեսփոխան Գեղամ Մանուկեանի եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Վահագն Մատինեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գէորգ Մուրադեանի տան մէջ:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) գրաւած է Գեղամ Մանուկեանի հեռաձայնը, իսկ որդին` Տարօն Մանուկեանը, ձերբակալած:
Քննչական կոմիտէն յայտարարած է, թէ ձերբակալուած է 7 հոգի, որոնք կը մեղադրուին ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան առնչութեամբ։
Աւելի ուշ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Յայտնում ենք, որ դաշնակցականների տների խուզարկութեան հետեւանքով որեւէ ապօրինի առարկայ չի յայտնաբերուել: Առգրաւուած բոլոր զէնքերը օրինական են:
Նկարներում պատկերուած առարկաների մեծ մասը, այդ թւում` նռնականման առարկան նախատեսուած է “Սթրայքպոլ” խաղի համար: Նռնականման առարկայի ներսում պահուել են “Սթրայքպոլ” խաղի համար նախատեսուած սիսեռի հատիկներ»:
Նոյն օրը «ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան» յօդուածով ձերբակալուած 18-ամեայ Անդրանիկ Չամիչեան յաջորդ օրը երկու ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է։
“Որեւէ անկանխատեսելի բան տեղ չունեցաւ, երկու ամսով Անդրանիկ Չամիչեանը բանտարկուեցաւ՝ «սթրայքպոլ» խաղի սիրահար լինելու համար, անունը դրեցին ահաբեկչութեան նախապատրաստութիւն։ Մինչեւ այս պահը իրաւապահները չեն պարզաբանել, թէ երիտասարդ դաշնակցականի մօտից առգրաւուած «սթրայքպոլ» խաղի սարքերով նա ինչպէս էր պատրաստւում ահաբեկչութիւն անել”,– դատական նիստէն ետք յայտարարած է վերջինիս փաստաբանը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։