Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը աշխատանքային այցով Ֆրանսա կը գտնուի

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան աշխատանքային այցով ժամանած է Ֆրանսա։ Յուլիս 12-ին ան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէի հետ:

Ալէն Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնած է  Ֆրանսային՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան, տնտեսական զարգացման, դիմակայութեան ամրապնդման հարցերուն մէջ անսասան աջակցութեան համար` նշելով, որ Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատուին եղբայրական Ֆրանսայի քայլերը:

Ժերար Լառշէ ալ իր կարգին վերահաստատած է Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը շարունակական աջակցութեան՝ Հայաստանին:

Զրուցակիցներու քննարկումներու առանցքը կազմած են Հայաստան-Ֆրանսա, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններն ու Հայաստանի մէջ ընթացող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն վերաբերող հարցերը: Առանձին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակին եւ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցերուն: