Յուլիս 11-ին, «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ Գիւմրիի Թատերական հրապարակին վրայ ներկայացուած է «Ֆրանսական կշռոյթներ՝ նուիրուած Ազնաւուրի յիշատակին» ( “Rythmes français, dédié à la mémoire d’Aznavour” ) մշակութային ծրագիրը:
Սոյն ծրագրին նպատակն էր խթանել մշակութային համագործակցութիւնը եւ նպաստել ստեղծագործական ոլորտներու զարգացման՝ ձեւաւորելով նոր հարթակներ, որոնք կը միաւորեն արուեստի եւ նորաձեւութեան բնագաւառի մասնագէտները:
Նախքան Գիւմրին, այս ծրագիրը ցուցադրուած է Սթրազպուրկի մէջ:
Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած այս նորարարական նախագիծը մշակած են հայ նկարիչներ Լիլիթ Մելիքեան եւ Քրիսթինա Մկրտչեան: Անոնց ստեղծած ապագայապաշտական հագուստներուն մէջ կը համադրուին արուեստն ու նորաձեւութիւնը՝ միահիւսելով ֆրանսական մշակոյթի նրբերանգներն ու ժամանակակից հայկական ոճաբանութիւնը:
«Տէրեան» մշակութային կեդրոնի ղեկավար Լիլիթ Մելիքեան լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ հաւաքածոն ստեղծուած է «Տէրեան» կեդրոնի եւ Ֆրանսա բնակող Քրիսթինա Մկրտչեանի համագործակցութեամբ։ Վերջինս հագուստներուն վրայ պատկերած է Ազնաւուրէն ներշնչուած զարդեր:
Հաւաքածոն առաջիկայ օրերուն պիտի ցուցադրուի նաեւ Չեխիոյ եւ Վրաստանի մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։