Յուլիս 13-ին, բացումը կատարուած է Գեղարքունիքի մարզի Սեւան համայնքի «Վալերի Սարգսեան» երաժշտական դպրոցի նոր շէնքին:
Երկյարկանի երաժշտական դպրոցի շինարարութեան համար ծախսուած է աւելի քան 344 միլիոն դրամ: Շէնքին կառուցման ծրագիրը իրականացուցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իսկ երաժշտական գործիքներն ու այլ սարքաւորումներուն ծախսերը յատկացուած է կառավարութեան կողմէ:
Ընդհանուր առմամբ դպրոցէն կրնայ օգտուիլ շուրջ 230 աշակերտ։ Շէնքը ապահովուած է ջրամատակարարման, կոյուղիի, ջեռուցման հակահրդեհային օդափոխութեան, կազամատակարարման, ելեկտրամատակարարման ժամանակակից սարքերով։
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ Պետրոս Թերզեան եւ այլ պաշտօնատարներ, ծնողներ, աշակերտներ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։