Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – «Ոսկէ ծիրան» 22-րդ միջազգային փառատօնի բացման արարողութիւնը

Յուլիս 13-ին, Երեւանի Կինոյի տան մէջ բացումը կատարուած է «Ոսկէ ծիրան» 22-րդ միջազգային փառատօնին՝ իրանական շարժանկարի խորհրդանշական դէմքերէն՝ Գաննի 78-րդ փառատօնի «Արմաւենիի ճիւղ»-ի դափնեկիր Ճաֆար Փանահիի «Պարզ պատահար մը» ֆիլմին ցուցադրութեամբ։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, փառատօնի համահիմնադիր և նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան, փառատօնի պատուոյ հիւր Ճաֆար Փանահի, մրցոյթի դատակազմի նախագահ Ամիր Նատերի, հիւրեր, շարժարուեստի գործիչներ։

“«Ոսկէ ծիրան»-ը դարձած է մեր փառատօնային անձնագիրը եւ այցեքարտը։ Սոյն փառատօնը այսօր իր հաստատուն տեղը գրաւած է միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ”,– իր բացման խօսքին մէջ յայտնած է ԿԳՄՄ նախարար տիկին Անդրէասեան։

“Կ՚ողջունեմ բոլորդ Երեւան քաղաքին մէջ, ուր մշակոյթը շարունակաբար կ՚ապրի ու կը զարգանայ։ Արդէն աւելի քան երկու տասնամեակ է, որ Երեւան կը հիւրընկալէ միջազգային շարժանկարի դէմքեր, եւ այս տարի աշխարհի աւելի քան 30 երկիրներէ մեսնագէտներ ու բազմաթիւ հիւրեր կը մասնակցին փառատօնին”,– իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան։

Ներկաները ողջունած են նաեւ Յարութիւն Խաչատրեան եւ Ճաֆար Փանահի։

Նշենք, թէ փառատօնին փակումը կը կատարուի Յարութիւն Խաչատրեանի «Վերջին կայարանը» ֆիլմին ցուցադրութեամբ։

«Ոսկէ ծիրան»-ը կը շարունակուի մինչեւ Յուլիս 20։