Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետ Փաշինեանի այցելութիւնները Պրիւսէլ եւ Փարիզ

Ուրսուլա Վոն տեր Լեյէնի եւ Անթոնիօ Գոսթայի հետ

Հանդիպումներ Պրիւսէլի մէջ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յուլիս 14-ին աշխատանքային այցով ժամանած է Պրիւսէլ։

Նոյն օրը ան հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Գոսթայի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնի, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Գոսի և Պելճիքայի վարչապետ Պարթ տէ Ուեվերի հետ։ 

Մարթա Գոսի հետ տեսակցութենէն

Պելճիքայի վարչապետ Պարթ տէ Ուեվերի հետ հանդիպումէն

Փաշինեանի, Անթոնիօ Գոսթայի եւ Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնի եռակողմ տեսակցութենէն ետք կողմերը հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) բարձր կը գնահատէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան ապահովման ուղղուած Հայաստանի ջանքերը, յատկապէս՝ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակական բնոյթը եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ առնուող քայլերը: ԵՄ-ը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի “Խաղաղութեան խաչմերուկ” նախաձեռնութեան՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնը եւ հաշտեցումը խթանելու համար»:

Քննարկումներուն մէջ առանձին տեղ գրաւած է ապահովութեան հարցերու մէջ համագործակցութիւնը: Առաջնորդները ողջունած են ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան խորհրդակցութիւններուն սկիզբը՝ ընդգծելով խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նկատմամբ իրենց միասնական յանձնառութիւնը:

Անդրադառնալով անվտանգութեան հետ կապուած շարք մը մտահոգութիւններու, ինչպէս՝ ապատեղեկատւութեան, արտաքին միջամտութեան եւ համացանցային սպառնալիքներուն, ԵՄ-ը առաջարկած է համագործակցիլ Հայաստանի հետ՝ գնահատել անոր կարիքները, ճշդել գործակցութեան առաջնահերթ ոլորտները եւ տրամադրել ԵՄ-ի առկայ գործիքները: Հայաստանի տեղեկատուական համակարգին աջակցելու նպատակով ԵՄ-ը յայտարարած է անկախ լրասփիւռներու աշխատանքը խթանելու համար նախատեսուած 1,5 միլիոն եւրոյի նոր գանձատրման մասին։

ԵՄ-ը վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի դիմադրողականութեան եւ զարգացման՝ զգալի նիւթական  եւ թեքնիք օգնութեան միջոցով՝ աւելցնելով, որ կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի ներդրումները հասցնել 2,5 միլիառ եւրոյի:

Վարչապետ Փաշինեան այնուհետեւ առանձին հանդիպումներ ունեցած է ԵՄ-ի յանձնակատար Մարթա Գոսի եւ Պելճիքայի վարչապետին հետ։

Նշենք, թէ վարչապետին ուղեկցած է բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ի շարս այլոց՝ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան. Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան եւ Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան:

Պրիւսէլէն ետք՝ Փարիզ

Վարչապետ Փաշինեան նոյն օրը Պրիւսէլէն անցած է Փարիզ ու Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ։

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր, ներառեալ նաեւ համատեղ ծրագրերու ընթացքին վերաբերողներ:

Երկու ղեկավարները մտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերու շուրջ եւս:

Նախագահ Մաքրոն այս հանդիպումին մասին ըսած է. “Ուրախ եմ Փարիզի մէջ ողջունելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Վերահաստատեցի Ֆրանսայի աջակցութիւնը անոր քաջ ջանքերուն ուղղուած՝ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան հաստատման։

Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ըստ կարելւոյն շուտ ստորագրումը կրնայ նոր էջ բանալ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն, երկիրներուն եւ անոր սահմաններէն դուրս գտնուողներու համար։

Այս հանդիպումը նաեւ կարելիութիւն ընձեռեց վերանայելու մեր երկկողմ յարաբերութիւնները՝ նպատակ ունենալով շարունակել խորացնել համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ շուտով ամրագրել մեր ռազմավարական երկկողմ գործընկերութիւնը”։