Middle East Eye-ի համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Թոմ Պարաք յայտարարած է, թէ «Միացեալ Նահանգներ առաջարկած է ստանձնել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ նախատեսուած երթեւեկութեան միջանցքի կառավարումը, զայն հարիւր տարի վարձելու դրութեամբ՝ երկու կովկասեան երկիրներու միջեւ դիւանագիտական բանակցութիւնները յառաջ մղելու նպատակով»։
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութըի հետ հանդիպումին յայտնած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հակամարտութիւնը շուտով յաջողութեամբ կը կարգաւորուի։
“Մենք լուծեցինք Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրը։ Այդ պիտի յանգեցնէ լաւ արդիւնքի մը”,– ըսած է ան։
Հայաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան մեկնաբանելով ամերիկացի դեսպան Թոմ Պարաքի «Զանգեզուրի միջանցք»-ը 100 տարի վարձելու մասին յայտարարութիւնը նշած է.
“Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ քննարկած եւ չի քննարկեր սեփական գերիշխան տարածքի վերահսկողութիւնը որեւէ երրորդ կողմի արտապատուիրակելը: Հայաստանի տարածքի որեւէ հատուած չի կրնար ըլլալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութենէն, ինքնիշխանութենէն, իրաւազօրութենէն դուրս”։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։