Ազերպայճանական լրասփիւռները կը շարունակեն անդրադառնալ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազերպայճանի նախագահին միջեւ Ապու Տհապիի մէջ կայացած հանդիպումին։
«Ապու Տհապիի հանդիպումէն ետք Փաշինեան հարուած հասցուց ղարաբաղի անջատողականներուն» վերտառութեամբ յօդուած մը հրապարակած է իշխանամերձ քարոզչակայքերէն «Minval.az», անդրադառնալով Հայաստանի դատախազութեան՝ դատարան ներկայացուցած դիմումին՝ Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքին սեփականութեան իրաւունքը չեղեալ համարելու մասին, եւ ոգեւորութեամբ յատկապէս գրելով հետեւեալը.
«Ղարաբաղի անջատողական վարչակազմը պաշտօնապէս լուծուած է 2023 Սեպտեմբերին, սակայն անոր ներկայացուցիչները փոխադրուած են Երեւան եւ կը շարունակեն վրէժխնդրական յայտարարութիւններ ընել։ Յատկանշական է, որ շէնքէն զանոնք զրկելու որոշումը կայացուած է անցեալ շաբաթ՝ Ապու Տհապիի մէջ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք»։
***
ԽՄԲ.- Զէնքերուն ամէնէն աժան ու ամէնէն ազդուն է հակառակորդի ճակատէն ներս պառակտում յառաջացնելը, իսկ մեր ներկայ իրավիճակին մէջ դժբախտաբար՝ յառաջացած պառակտումը ա՛լ աւելի խորացնելը։ Եւ ինչ խօսք, որ Պաքու վարպետաց վարպետն է այս բնագաւառին մէջ։
Ներկայ օրինակը սակայն իր տեսակին մէջ գլուխ-գործոց մըն է, քանզի կը հանդիսանայ ոչ թէ մէկ քարով երկու, այլ՝ երեք-չորս թռչուն որսալու «կատարեալ» նմուշ մը։
Արդարեւ, հայաստանեան ներքաղաքական օրակարգի զարգացում մը, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր շարունակուող դատաիրաւական գործընթացի մը մէկ նոր փուլն է (մեր ընթերցողները վստահաբար պիտի յիշեն ամիսներ առաջ ոստիկանական միջամտութիւնը այդ նոյն շէնքը եւ կառքերու գրաւումը), ազերիներու կողմէ շահագործուելով կ՚առնչուի Ապու Տհապիի հանդիպումին։ Այսպէսով փորձ կը կատարուի այնպէս ցոյց տալու թէ՝
1.- Այդ հանդիպումին Փաշինեան (զինք վարկաբեկելիք) նոր զիջումներ ըրաւ Ալիեւին,
2.- Հայաստանի վարչապետը Արցախի նախկին «ԱՆՋԱՏՈՂԱԿԱՆ» ղեկավարութեան (անոնք որոնք ճողոպրած են ազերպայճանական ժանիքներէն) դէմ քայլերու կը դիմէ հնազանդելով Ազերպայճանի հրահանգներուն,
3.- Ազերպայճանի գերհզօր տիրակալը յաղթանակ մը եւս արձանագրեց ընդդէմ Հայաստանի։
Եւ հուսկ այս բոլորին գումարումով ալ՝ չորրորդ «թռչուն»-ի որսը՝ կարեւորագոյնը, որ վրդովումի նոր ալիքի մը ստեղծումով՝ պառակտումը շեշտելու եւ Հայաստանը ապակայունացնելու նպատակը կը հետապնդէ։
Որքան ալ հնարամտութիւն ու վարպետութիւն պահանջէ, դիւրին է հրապարակ նետելը նման գրգռութիւններ, իսկ ծուղակը չիյնալը՝ շատ աւելի դժուար։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։