Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Սփիւռք մը ի սպաս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան»

Անկախներու մամլոյ հաղորդագրութիւնը

2024 Հոկ­տեմբե­րին հրա­պարա­կուած յայ­տա­րարու­թեամբ մը [1], Ֆրան­սա­յի, Պել­ճի­քայի եւ Զուիցե­րիոյ հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րու ծա­նօթ անձնա­ւորու­թիւններ հաս­տա­տեցին իրենց փա­րու­մը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ինքնիշ­խա­նու­թեան սկզբունքին, որ միակ պա­տաս­խանն է այն գո­յու­թե­նական սպառ­նա­լիք­նե­րուն, որոնց դէմ-յան­դի­ման կը գտնուի եր­կի­րը։

Այս Յայ­տա­րարու­թեան նա­խաձեռ­նողնե­րը, այ­սուհե­տեւ՝ Ան­կախնե­րը, հա­մոզուած թէ չկայ այ­լընտրանք ժո­ղովուրդի մը գո­յատեւ­ման ու ազա­տագ­րութեան, քան՝ ան­դա­դար աշ­խա­տիլ ի խնդիր պաշտպա­նու­թեան իր սե­փական շա­հերուն, որոնք սահ­մա­նուած են ի՛ր իսկ կող­մէ եւ իրե՛ն հա­մար, կա­տարե­ցին այն հաս­տա­տու­մը, թէ 1991 Սեպ­տեմբե­րին յայ­տա­րարուած ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր, հայ­կա­կան պե­տու­թեան կա­ռու­ցումը կանգ առած էր հիմ­նարկու­թեան փու­լին, խոչնդո­տուած՝ որ­քան պա­տերազ­մով եւ ար­տա­քին սպառ­նա­լիք­նե­րով, նոյնքան ալ ներ­քին դի­մադ­րութիւննե­րով, եր­բեմն կա­ռու­ցա­յին մա­կար­դա­կի, որոնք ի վի­ճակի չեն եղած ազա­տագ­րուելու հպա­տակու­թեան եւ ճոր­տա­տիրու­թեան բե­ռէն։

Գի­տակ­ցե­լով հրա­տապու­թեան՝ կա­ռու­ցե­լու մեր բո­լորին Տու­նը, որ պէտք է ըլ­լայ Հայ­կա­կան պե­տու­թիւնը, եւ հաս­տա­տելով որ իրենց կո­չը լսուած է հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րէն, Ան­կախնե­րը կազ­մե­ցին աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մը, որ 2025 Յու­նիս 24-ին, ՊՊ. Ռո­պէր Այ­տա­պիրեանի եւ Ալեք­սանդր Ար­մէն Գու­յումճեանի գլխա­ւորու­թեամբ պա­տուի­րակու­թեան մը մի­ջոցով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան վար­չա­պետին ներ­կա­յացուց առա­ջար­կեր՝ ուղղուած հան­րա­յին վար­չա­րարու­թեան ար­դիւնա­ւէտու­թիւնը ամ­րապնդե­լու, Հա­յաս­տա­նի տնտե­սական աճի զար­գա­ցու­մը արա­գաց­նե­լու եւ քա­ղաքա­կան դաս­տիարա­կու­թիւնը ու զօ­րակ­ցութիւ­նը խրա­խու­սե­լու հայ­կա­կան քա­ղաքա­ցիական հա­սարա­կու­թեան մէջ։

Ան­կախնե­րը յանձնա­ռու կ՚ըլ­լան շա­րու­նա­կելու իրենց ներդրումնե­րը իրա­ւական եւ ժո­ղովրդա­վարա­կան պե­տու­թեան կազ­մա­ւոր­ման եւ անոր ու­նա­կու­թիւննե­րուն ամ­րապնդման, երաշ­խա­ւորելու համար Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ապա­հովու­թիւնն ու մշտա­կանու­թիւ­նը, որ կը մնայ բո­լոր մար­տահրա­ւէր­նե­րուն գլխա­ւորը։

Անոնք կոչ կ՚ընեն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան սահ­մաննե­րէն դուրս հաս­տա­տուած ամէն քա­ղաքա­ցիի,– ծա­գու­մով հայ, թէ ոչ-հայ,– բաժ­նե­լու հայ ժո­ղովուրդին յա­ւակ­նութիւ­նը եւ միանա­լու անոր, ինչ որ պար­տա­կանու­թիւն մը ըլ­լա­լէ առաջ հնա­րաւո­րու­թիւն մըն է՝ ու­նե­նալու պա­տիւն ու հպար­տութիւ­նը կա­ռու­ցե­լու ինքնիշ­խան, ժո­ղովրդա­վարա­կան եւ ժա­մանա­կակ­ցութեան հա­յող Հա­յաս­տան մը, որ­պէսզի իր զա­ւակ­նե­րուն ար­ժա­նապա­տիւ եւ բար­գա­ւաճ ապա­գայ մը նուիրէ եւ անոնց վաս­տա­կեց­նէ ազա­տու­թեամբ ապ­րե­լու իրա­ւունքը այս երկրին մէջ որ իրենցն է։

Փարիզ-Երեւան՝ 2025 Յուլիս 10 ■

______

[1] «Յայտարարութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան»։