Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ. ՀՅԴ-ի 131-ամեակի հանդիսութիւն

Սաղաթէլեան.- “Եաթաղանը «պայրաքթար»-ով փոխարինած Թուրքը չի կարող Երեւանում զուարճանալ»

Փետրուար 5-ին, «Դուին հոլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը։

Հանդիսութեան մասնակցած են ՀՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի նախկին վարչապետեր Վազգէն Մանուկեան, Հրանտ Բագրատեան, Խոսրով Յարութիւնեան, ԱԺ ընդդիմադիր՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ» ունեմ» խմբակցութիւններու երեսփոխաններ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան եւ արտախորհրդարանական այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։

Հանդիսութիւնը սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան փառերգերով եւ ՀՅԴ-ի օրհներգով։ Այնուհետեւ ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հայորդիներու յիշատակը։

Ելոյթներով հանդէս եկած են՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխանուհի Քրիստինէ Վարդանեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։

Ցուցադրուած է վաւերագրական ժապաւէն մը, ուր ներկայացուած են ՀՅԴ-ի անցած ճանապարհն ու պայքարի փուլերը։ Հնչած են հայրենասիրական երգեր։

Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով, ՀՅԴ-ի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած է.– “Հայ-թուրքական այսպէս կոչուած հաշտեցման գործընթացը, որը յանգեցնելու է թրքացման, պէտք է կասեցուի։ Եւ սա լինելու է մեր քաղաքական պայքարի հիմնական ուղղութիւններից մէկը։ Հայ ժողովրդին ցեղասպանութեան ենթարկած, եաթաղանը «Պայրաքթար»-ով փոխարինած Թուրքը չի կարող Երեւանի կենտրոնում զուարճանալ, իսկ մենք կենդանական բնազդով հետեւենք այդ ամէնին։ Չի ստացուելու. մոռացէ՛ք. թոյլ չենք տալու”։

Ան ըսած է, թէ իրենց իշխանութեան հակասութիւնները ոչ թէ անձնական, այլ՝ գաղափարական են, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ներկայի ու ապագայի տեսլականներու տարբերութիւն ունին։

“Սա պայքար է մարդկանց երկու տեսակների՝ մարդիկ, ովքեր ուզում են մնալ Հայ, ունենալ պետութիւն, հայրենիք, ապրել արժանապատիւ, եւ մարդիկ, ովքեր առանց դրա էլ եոլա կը գնան”,– յայտնած է Սաղաթէլեան։

Անդրադառնալով 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան` ան ըսած է, թէ ատիկա թէեւ կայացած փաստ է, բայց ոչ դատավճիռ։

“Պայմանագրերն ապրում են այնքան ժամանակ, քանի դեռ ապրում են դրանց ծնունդ տուող պայմանները։ Կը փոխենք պայմանները, կը փոխուի իրավիճակը։ Մենք պէտք է ձգտենք նոր եռակողմ պայմանագրի, որտեղ արտացոլուած կը լինեն մեր կենսական շահերը”,– ընդգծած է ան։

Ընդդիմադիր գործիչը առաջարկած է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ձեւաւորել համազգային դիմադրութեան շարժում, որպէսզի կասեցուի հայ-թրքական հաշտեցման ծրագիրը։

Սաղաթէլեան յայտարարած է, թէ ՀՅԴ-ն պատրաստ է ըլլալու այդ պայքարի առաջամարտիկն ու առաջնորդը։