Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան պատասխանը՝ անցակէտը Թալէաթ փաշայի անունով կոչելու մասին հարցումին

«Սփութնիք Արմենիա» լրասփիւռը պաշտօնապէս հարցում ուղղած է վարչապետ Փաշինեանին՝ Հայաստան-Թուրքիա անցակէտը Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպողներէն մէկուն՝ Թալէաթ փաշայի անունով կոչելու Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուած օրինագծին շուրջ, որպէսզի ճշդէ Երեւանի կեցուածքը այդ ուղղութեամբ։

Լրասփիւռը հարցումը վերահասցէագրած է Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեան, ուրկէ ալ ստացած է հետեւեալ պատասխանը։

«Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացում Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաշուի է առնում Թուրքիայի Հանրապետութեան կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշումներն ու որոշումները»։