Փետրուար 8-ին, Ազգային ժողովի նիստին, վարչապետ Փաշինեան պատասխանելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Ծովինար Վարդանեանի հարցումին, վստահեցուցած է, թէ Հայաստան պատրաստ է Ազէրպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, սակայն անկէ առաջ անհրաժեշտ է բանակցիլ։
Ան շեշտած է, թէ այս հարցին շուրջ քննարկումներէն այն տպաւորութիւնը ստեղծուած է, որ կը փորձուի Հայաստանին օրակարգ պարտադրել, կամ՝ Հայաստան կը խուսափի տուեալ օրակարգէ մը։
“Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելը, Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելը և համապատասխան փաստաթղթով արձանագրելը, ի հարկէ, մեր կառավարութեան և բոլոր կառավարութիւնների նպատակն է եղել”,– ըսած է վարչապետը, աւելցնելով թէ՝ Արցախեան խնդրի բանակցային գործընթացին նպատակը խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը եղած է, և այդ մէկը արձանագրուած է բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ։