Օգոստոս 2-ին, Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտիր Հայաստանը» ծրագրին մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները։
Սրբազան հայրը, հայորդիներուն հաղորդելով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները, կարեւորութեամբ ընդգծած է երիտասարդներուն այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, որ լաւագոյն առիթն է ճանչնալու եւ բացայայտելու հայրենիքը։
Մուշեղ եպիսկոպոս յորդորած է հայորդիները՝ ըլլալ ՀԲԸՄ-ի բարի աւանդութիւնները շարունակողը, հզօրացնել իրենց հաւատքը, սէրն առ հայրենին ու մայր եկեղեցին, Հայաստանէն իրենց տպաւորութիւները հաղորդել իրենց հասակակիցներուն ու ընկերներուն, որպէսզի անոնք եւս այցելեն հայրենիք ծանօթանալու համար իրենց ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն։
Աւարտին, Սրբազան հայրը պատասխանած է երիտասարդները հետաքրքրող հարցումներուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։